«Տարիներ շարունակ Հայաստանը Լաչինի վերադարձը անթոյլատրելի համարած էր»,- այսօր այդ շրջանին մէջ իր նորանշանակ յատուկ ներկայացուցիչ Մասիմ Մամետովի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
«Բանակցութիւններու երկար տարիներու ընթացքին միջնորդները մշտապէս յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերէին Լաչինի շրջանին, իսկ Հայաստան ընդհանուր առմամբ այդ շրջանի վերադարձը Ատրպէյճանին անթոյլատրելի կը համարէր», - նշած է Ատրպէյճանի ղեկավարը։
«Հայերը, սակայն, միւս շրջաններէն հեռանալ եւս չէին պատրաստուիր։ Այսօր՝ պատերազմէն երկուքուկէս տարի անց, այդ բոլորի համար շատ աւելի ակնյայտ դարձած է։ Միջազգային միջնորդներն ալ՝ ԵԱՀԿ նախկին Մինսքի խումբը, բանակցութիւններ վարելով, փաստօրէն կը փորձէին ամրագրել բռնագրաւման փաստը», - պնդած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր Լաչինի շրջանին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակած է։ Այդ պաշտօնը պիտի զբաղցնէ Մասիմ Մամետովը։
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտ կանգնած Caliber.az կայքի հաղորդմամբ՝ Մամետով մարտ 1-ին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու հետ Խոճալուի մէջ կայացած բանակցութիւններու մասնակիցներէն մէկն է։ Այդ հանդիպման Մամետով կը մասնակցէր որպէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը հետաքննող ատրպէյճանական հսկողութեան խումբի ղեկավար։
Ատրպէյճանական աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ աւելի վաղ Մամետովն աշխատած է Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ որպէս խորհրդական։
Նշենք, որ «բնապահպաններ» ներկայացող ատրպէյճնցիները արդէն 107 օր փակ կը պահեն Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։