image

Հայաստանը համաձայն է աշխատել Ռուսաստանի առաջարկած հիմնական սկզբունքների հիման վրայ. Փաշինեան

Հայաստանը համաձայն է աշխատել Ռուսաստանի առաջարկած  հիմնական սկզբունքների հիման վրայ. Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թուիթըրեան էջին գրառում կատարած է՝ յայտարարելով, որ սեպտեմբերի սկիզբը Հայաստանը համաձայնած է աշխատիլ Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հիմնական սկզբունքներու եւ յարաչափերու հիման վրայ:

«Հայաստանը համաձայնել է աշխատել Ռուսաստանի կողմից առաջարկուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման հիմնական սկզբունքների եւ պարամետրերի (յարաչափեր) հիման վրայ եւ պատրաստ է հաստատել դա Սոչիում: Յոյսով ենք, որ Ռուսաստանը կ'աջակցի իր առաջարկներին», - գրած է Փաշինեան:

Յիշեցնենք, որ երէկ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ի հարկէ, պէտք է, եւ Ռուսիան կ'աջակցի խաղաղ կարգաւորման։

Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը պէտք է ընտրեն, թէ որ տարբերակը իրենց պէտք է, սակայն որեւէ տարբերակ, որ կը յանգեցնէ խաղաղութեան, ընդունելի պիտի ըլլայ իրենց համար։

Փութին նաեւ նշած է, որ եթէ Հայաստանն ու ներկայ իշխանութիւնը կը կարծեն, որ Ղարաբաղը ունի իր առանձնայատկութիւնները, որոնք պէտք է հաշուի առնել եւ ներառել պայմանագրին մէջ, այդ նոյնպէս հնարաւոր է քննարկել։