image

«Ճշմարտութեան կարիք ...» Սուրէն Արենց

«Ճշմարտութեան կարիք ...» Սուրէն Արենց

ԱՄՆ Հրապարակուող ՌԱԿ-Ի «Պայքար»  շաբաթաթերթէն  կը կարդանք՝

 Ինչպէս  վերացնել  պատերազմի  ահռելի հետեւանքները. Սուրէն  Արենցի ծրագիրն է  հիմնել «Հայ կեդրոն. վերականգնողական քաղաք»ը

 

 Ահռելի ու դժուարին գործ է Արցախի 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքները վերացնելու  գործը։

Կորուստներ, հայրենի հողին միախառնուած հերոսներ, վիրաւորներ,  անդամահատուածներ, տուն ու հարազատ կորսնցուցած հայրենակիցներ... այս բոլորը կան, այս բոլորը անզէն աչքով ալ երեւելի են,  սակայն  այս բոլորէն անդին գոյութիւն ունի  «փակ երեսակ» մը, որ կը վերաբերի այն նուիրեալներուն, որոնք իրենց թեւը, ոտքը, աչքը կամ ձեռքերը կորսնցնելու զուագհեռ, ապրեցան ու դեռ ալ կ՚ապրին հոգեբանական շատ ծանր վիճակներ:

Պատերազմները ահասարսուռ հետեւանքներ կ՚ունենան. Հետեւանքներ, ոչ միայն մարդկային կորուստի առումով, այլ նաեւ մեծ հարուած տալով սերնդագործութեան  ընթացքներուն։

Ու ամենաահաւորը այս պարագային դարձեալ հոգեկան մեծ ու դժուար բուժելի «թրաումա»ներն են, որոնց բուժումը պէտք է դառնայ համահայկական օրակարգի  համար թիւ մէկ  խնդիր։

Այդ խնդրին՝ սերունդները վէրքերէն բուժելու խնդրին, նուիրուած է Սուրէն Արենցը, որ  ըլլալով շարժապատկերի ոլորտի գործիչ (Սուրէնը ուսումով նկարահանող է՝  գամերամէն), մէկդի թողած է ամէն ինչ ու այսօր մեծ ոգիով նուիրուած է իր նոր կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն։

Կեդրոն, որ պիտի կրէ՝ «Հայ կեդրոն. վերականգնողական քաղաք» անունը, եւ  որուն մասին ալ  «Պայքար»ի համար օրերս զրուցեցի նոյնինքն Սուրէն Արենցին հետ։

 

 

-«Հայ կեդրոն. վերականգնողական քաղաք», ո՞ւրկէ մտայղացաք այս միտքը եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ կեդրոն-քաղաքի նպատակը:

2014 թուականէն, պարզ էր որ Հայաստանի մէջ մեծ խնդիր կայ առանձին հոգեբանական վերականգնողական կեդրոն ստեղծելու, որովհետեւ դեռ 90-ական թուականներու պատերազմի մասնակիցներու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ 2016 թուականի քառօրեայ պատերազմը, եւ, ցաւօք, այս 44-օրեայ պատերազմը, որ շատ աւելի շատ մտահոգութիւն առաջացուց, զգացնել տուին, որ Հայաստանի մէջ  կարիքը կայ հոգեբանական վերականգնողական կեդրոնի: Այս բոլորը հաշուի առնելով մենք որոշեցինք բանալ մասնագիտական հոգեբանական վերականգնողական կեդրոն, որովհետեւ այս պատերազմին՝ հինգերորդ սերունդի պատերազմին, զանգուածային ոչնչացման դէպքերը, «Պայրաքտար»ներով  եղած յարձակումները  մեր բանակը  դրին հոգեբանական լուրջ խնդիրներու առջեւ։

 Այստեղ  շեշտեմ  նաեւ, որ ինչպէս  դատախազութեան վերջին յայտարարութիւնը  կը  փաստէ, Հայաստանի մէջ հոգեկան խնդիրներ ունեցող անձանց թիւը հազարաւոր է, իմ կարծիքով՝ 12 000  է: 

Մենք տեսած  ենք, որ կայ խեղաթիւրուած հասարակութիւն, զինուորականներ, մարդիկ որոնք չեն հաշտուիր այս պարտութեան հետ, մարդիկ որոնք եղած են դիրքերը, ուր  տեսած են զանգուածային ոչնչացում. այս մարդիկ ունին հոգեկան խնդիրներ, որոնք եթէ չբուժուին, ինչքան ալ անոնց տանք ժամանակակից շինծու անդամներ (փրոթէզներ) , միեւնոյնն է, անոնք կրնան դիմել ինքնասպանութեան...։

Մեր նպատակն է ստեղծել 1000 քառակուսիմեթրանոց երկյարկանի առանձին վերականգնողական կեդրոն, ուր գործի պիտի անցնին եւ մեր  զինուորներուն պիտանի օգնութիւն տրամադրեն տարբեր մասնագիտութիւններու տէր բժիշկներ ու հոգեբաններ։

Այս  բոլորը պիտի ընենք նաեւ շեշտելու համար, որ հոգեբանութիւնը շատ լուրջ  մասնագիտութիւն է, որովհետեւ եթէ մենք սխալ աշխատինք, այսինքն մանկական հոգեբանները, ընտանեկան բռնութեան փորձ ունեցող հոգեբանները զբաղուին զինուորներու բուժմամբ, մենք այդ տղոց աւելի մեծ խնդրի առաջ կը դնենք:

 

-Կը նկատենք նաեւ, որ բաւական աշխոյժ գործունէութիւն կը տանիք ընկերային ցանցերու վրայ, պատմելով կեդրոնի մասին, ի՞նչ են ակնկալիքները այդ առումով:

 Մեր ակնկալիքը այս ծրագրի հնարաւորինս շուտ կեանքի կոչելն է։  Հարկ է նաեւ նշել, որ 6000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողակտորը, որ կը գտնուի Պրոշեան համայնքին մէջ,  մեզի  արդէն նուիրաբերած  են։ Այս կեդրոնին մէջ մեր զինուորները   պիտի զբաղուին մեղուաբուծութեամբ, ձկնաբուծութեամբ, սերամիքի գործերով, գորգեր (կարպետ) մանելով  եւ  այս  աշխատանքներու կողքին ալ պիտի արժանանան հոգեբաններու ուշադրութեան։  

 

-Ե՞րբ կը նախատեսէք կեդրոնի բացումը եւ ի՞նչ մակարդակի մասնագէտներ պիտի գործեն այնտեղ:

Այս պահուն կեդրոնը շինարարական աշխատանքներու փուլի մէջ է, եւ եթէ, Աստուած   տայ, նիւթական ներդրումներ ունենանք, որ շատ չէ, մօտաւորապէս մինչեւ 100 000 տոլար, մենք կը կարողանանք 13 Սեպտեմբերէն սկսեակ կեդրոնի բացումը ընել: Կեդրոնը իր մէջ պիտի ներառէ այգի, հոգեկան առողջութեան ջրվէժ, ուր տղաները պիտի կարողանան ձկնաբուծութեամբ եւ ձկնաբուժութեամբ զբաղուել՝ թերափիայով, պիտի ունենանք 110 քառակուսի քմ տարածութեամբ, 4 մեթր բարձրութեամբ շէնք, որուն վրայ պիտի ունենանք պալքոն, ուր կրկին բացօթեայ թերափիաներ պիտի իրականացնենք։ պիտի գործակցինք Արցախի մէջ գտնուող բոլոր այն կեդրոններուն հետ, որոնք այս պահուն հոգեբանական աշխատանքներ կը կատարեն։ Արդէն 6-րդ ամիսն է, որ վերապատրաստում կ'իրականացնենք թէ՛ գնդերեցներու, թէ՛ հոգեբաններու, թէ՛ այն մարդոց, որոնք անցեր են պատերազմի թոհուբոհով եւ ցանկութիւն ունին զինուորներու հետ աշխատելու, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Ռուսաստանի մասնագէտները առցանց վերապատրաստումներ կը կատարեն եւ այդ մեզի պիտի օգնէ որ, Աստուած մի արասցէ, նոր պատերազմի պարագային կարողանանք արագ յաղթահարել այս խնդիրները:

 

- Հայաստանի պետական մարմինները ի՞նչ վերաբերմունք ունին այս կեդրոնի կապակցութեամբ:

Տեսէք, կեդրոնի գործունէութիւնը հասարակական է, եւ չեմ խուսափիր շեշտելու, որ ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւնները, կառավարութիւնը, այլ նաեւ շատ մը հասարակական կազմակերպութիւններ, մասնագէտներ տակաւին չեն գիտակցիր առանձին հոգեբանական վերականգնման կարեւորութեան մասին, եւ ընդհանրապէս մենք, հայ ազգը, որպէս մտածելակերպով այս տեսակ՝ արիական, միշտ խնդիրները լուծող, ոչ մէկ բանի հաւատացող, հոգիի հանդէպ թոյլ վերաբերմունք ունեցող տեսակ, չենք գիտակցիր ոչ միայն մեր կեդրոնի կարեւորութեան, այլ առհասարակ, կեդրոններու կարեւորութեան մասին։

Դիմեր ենք   պատկան մարմիններուն, շատ նամակներ գրեր ենք, թէ՛ առողջապահութեան, եւ թէ ալ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, սակայն  մինչեւ այս պահը դրական պատասխան մը չենք ստացած։ 

 

-Առհասարակ ի՞նչպիսին է հայրենի ժողովուրդին, ձեր շրջապատին արձագանգը, արդեօք խանդավառութիւն մը կա՞յ, նկատելի՞ է այդ մէկը:

Մարդիկ ոգեւորուած են, բայց յիսուն տոկոս վախ մը կայ մարդոց մէջ, որովհետեւ վերջին պատերազմէն ետք այս հիմնադրամներու, անհատ խաբեբաներու հետ կապուած պատմութիւնները պատճառ եղան, որ մարդիկ քիչ մը հարցականի տակ  դնեն՝ օգնութիւն տրամադրեն, թէ՝ ոչ։

Ամենակարեւորը որ մենք ունինք մարդիկ, որոնք թէկուզ 5-10 կամ 100 տոլարով պարբերաբար օգնութիւն ցոյց կու տան, սա կը վկայէ այն մասին, որ մենք կը ձեւաւորենք հասարակութիւն մը, որ հոգեկան վերականգնման հետ կապուած կեդրոնի շինարարութեան օգնելու ցանկութիւն ունի եւ կը գիտակցի անոր կարեւորութեան: 

 

-Անհատ բարերաներէն բացի դիմա՞ծ էք հայկական սփիւռքին, որեւէ մակարդակի ակնկալիք ունիք սփիւռքահայութենէն այս կեդրոնի հետ կապուած:

Հիմա արդէն կը դիմենք շատ մարմիններու, կը փորձենք արթնցնել սփիւռքը, որորվհետեւ սփիւռքը պատերազմէբ ետք քիչ մը նեղուած է եւ անվստահութիւն ունի, որ ինքնին հասկնալի է։

Պէտք է փորձենք արդէն հիմնադրամներու, սփիւռքահայ բարերներէ բացի, սփիւռքի մէջ գործող կեդրոններու միջոցով առաջ երթանք, որովհետեւ մեծ ներդրումներու կարիք կայ, որպէսզի կարողանանք ունենալ լուրջ հոգեբանական վերականգնողական կեդրոն, որու կարիքը Հայաստանը այսօր օդի, ջուրի պէս ունի:

 

-Ձեր կարծիքով, որպէս հասարակական գործիչ, այսօր Հայաստանը առհասարակ ի՞նչի կարիք ունի, այս աղիտալի պատերազմէն արդէն մօտաւորապէս 9 ամիսներ անց:

Իմ խոր համոզմամբ Հայաստանը այսօր կարիք ունի ճշմարտութեան, կարիք ունի բաց աչքերով խօսելու խնդիրներու մասին, կարիք ունի վստահութեան, ինչպէս մենք իրար հանդէպ, այնպէս ալ՝ Հայաստան Արցախ եւ Սփիւռք յարաբերութիւններու հանդէպ։

Այսօր նաեւ հասարակութիւնը խնդիր ունի կրթուածութեան, որովհետեւ ես կը կարծեմ սահմաններու հանդէպ այս կեղծ թէզի  թիւրըմբռնումը, որ Սիսեանը մերը չէ, սա մերը չէ, ընդամէնը տգիտութեան արդիւնք է, մենք չենք ճանչնար մեր երկիրը, եւ եթէ մենք կարողանանք կրթութեան հարցը լուծել, այս սերունդներուն ճանաչելի դարձնել սեփական հայրենիքը, նման խնդիրներու առաջ չենք կանգնիր։ 

 

-Ի՞նչ կ'ուզէք ըսել «Պայքար»ի  ընթերցողներուն, ի՞նչ է ձեր պատգամը:

  «Պայքար»ի ընթերցողներուն կ'ուզեմ ըսել, որ Հայաստանը այսօր շատ կարեւոր ու շատ ճգնաժամային խնդրի առաջ կը գտնուի, Հայաստանը այսօր աւելի մեծ խնդրի առաջ կանգնած է, քան 1915-ին էր, քան անկէ առաջ եւ անկէ ետք էր. Մենք այսօր համախմբուելու, հայրենիքին տէր կանգնելու, քաղաքականութիւնը մէկ կողմ դնելու եւ ազգայինը փրկելու գործով զբաղուելու խնդիր ունինք, այսօր մենք կը կորսնցնենք ազգայինը, որ աւելի վտանգաւոր է, քան կորսնցել այն տարածքները, որոնք թերեւս հնարաւոր է հետագային պատերազմի միջոցով վերականգնել, բայց ազգայինը կորսնցնելու պարագային վերականգնումը անհնարին կ'ըլլայ, սա է ամենակարեւորը: Հայաստանը կանգնած է պետականութիւնը կորսնցնելու խնդրի առջեւ եւ հիմա մենք փոխանակ նեղանանք, մեղադրենք, պիտի մեր ուժերը հաւաքենք եւ տէր կանգնինք առանց այդ ալ մէկ թիզ մնացած մեր երկրին:

Եւ սփիւռքը այստեղ, ինչպէս միշտ նշած եմ, կարեւոր դերակատարում ունի, սփիւռքը պիտի գիտակցի որ առանց Հայաստանի անիմաստ է իր գոյոթիւնը, եւ Հայաստանը պիտի գիտակցի, որ եթէ վերանայ սփիւռքը եւ եթէ այդ վերացումը ըլլայ ոչ Հայաստան ներգաղթով, ապա Հայաստանը կանգնած է վերջնական ոչնչացման առաջ...։ Այնպէս որ մենք պիտի այս երկմիասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի հետ եռամիասնութիւնը ատամներով պահենք, մենք պիտի գիտակցինք որ մենք ենք մեր տէրը, որքան ուժեղ ենք մենք, այնքան մեր հետ հաշուի կը նստին, որքան պառակտուած ենք, այնքան մեզի կը վերացնեն:

 

 Հարցազրոյցը՝  Սագօ Արեանի 

 

 Նիւթը՝  «Պայքար» շաբաթաթերթէն