image

Հայաստանն Իրանի հետ որեւէ տարակարծութեան մէջ չէ. Վահան Յունանեան

Հայաստանն Իրանի հետ որեւէ տարակարծութեան մէջ չէ. Վահան Յունանեան

Հայաստանի եւ  Իրանի միջեւ տարակածութիւններ չկան. Երեւանն ու Թեհրանը տարբեր հարցերու շուրջ չունին տարբեր կարծիքներ։ Այս մասին իրանեան Mehr լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան:

Ըստ Յունանեանի՝ Հայաստանն ու Իրանը շատ երկար պատմական յարաբերութիւններ ունին, եւ այդ յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր կառավարութիւններով, այլեւ առկայ են երկու ժողովուրդներու միջեւ։

Իրանը բնութագրելով որպէս Հայաստանի առանցքային գործընկեր՝ ան յոյս յայտնած է, որ այդ յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին բոլոր ոլորտներու մէջ։

«Կարծում եմ, մենք Իրանի հետ որեւէ տարակարծութիւն չունենք»,- ըսած է Յունանեան եւ աւելցուցած, որ Երեւանն ու Թեհրանը տարբեր հարցերու շուրջ չունին տարբեր կարծիքներ։

«Արդիւնքում երկու երկրների յարաբերութիւններն ապագայում կ'ամրապնդուեն», նշած է հայ դիւանագէտը։

Պատասխանելով Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու մասին հարցին՝ ան ըսած է. «Հայաստանը ձգտում է խաղաղութիւն հաստատել հարաւկովկասեան տարածաշրջանում»։

Ըսելով, որ բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին բանակցային սեղանի շուրջ, Յունանեան յոյս յայտնած է, որ Ատրպէյճանը, ինչպէս եւ Հայաստանը, նոյն ընթացակարգով պիտի անցնի բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։