Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ընդունած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լինն Թրէյսիին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Տէյվիտ Հոֆման, այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Կառավարութեան կայքէն:
Ողջունելով դեսպանը՝ փոխվարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի կառավարութեան Հայաստանին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, շեշտելով նաեւ «Քորոնա» ժահրի ընկերա-տնտեսական հետեւանքներու չեզոքացման ուղղուած օժանդակութիւնը:
Մհեր Գրիգորեան հանդիպման ընթացքին դեսպանին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ սեպտեմբերին սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Կառավարութեան կողմէ հաստատուած Արցախի աջակցութեան ծրագիրները, անոնց բովանդակութիւնն ու ընթացքը:
ԱՄՆ-ի դեսպան՝ Լինն Թրէյսին փոխվարչապետին յայտնած է ամերիկեան կողմի աջակցութիւն ցուցաբերել շարունակելու պատրաստակամութիւնը ինչպէս կարճաժամկէտ ծրագիրներու, այնպէս ալ երկարաժամկէտ ռազմավարական բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ: Այս ծիրէն ներս երկուստեք կարեւորութիւն տուած են արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներուն:
Հանդիպման ընթացքին ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան առաքելութեան տնօրէնը ներկայացուցած է կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները:
Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման՝ ընդգծելով Ռազմավարական երկխօսութեան հարթակի կարեւորութիւնը: