Շուէտական Handelsbanken դրամատուը Մարտ 21-էն պիտի դադրեցնէ ֆինանսական գործարքները Վրաստանի եւ Հայաստանի հետ:
Handelsbanken-ը հաստատած է, որ կը սահմանափակէ ֆինանսական գործարքները Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ: Որոշման պատճառը ուքրանական ճգնաժամն է:
«Կը հաստատենք, որ կը սահմանափակենք Վրաստանի եւ Հայաստանի հետ հաշիւներու հնարաւորութիւնը: Մենք պատժամիջոցներու տակ գտնուող երկիրներ տարանցիկ փոխանցումներու բարձր վտանգ կը տեսնենք», նշած է դրամատունը::
Դրամատան հաւաստիացմամբ` այս միջոցը պիտի առնչուի միայն փոքր թիւով անձերու, որոնց մեծ մասը կորպորատիւ յաճախորդներ են: Յայտարարած են, որ նոյնականացման որոշակի ընթացակարգ անցնելով` պիտի կարենան բացառութիւն ընել սահմանափակ հասանելիութեան գօտիի որոշ յաճախորդներու համար:
Շուէտական դրամատունը մտավախութիւն ունի, որ Վրաստան եւ Հայաստան դրամական փոխանցումները կրնան վերաուղղուիլ պատժամիջոցներու տակ գտնուող երկիրներ, այդ շարքին` Ռուսաստան:
Տեղական դրամատուներուն յանձնարարուած է խիստ վերահսկողութիւն իրականացնել երկիրներու միջեւ դրամատնային գործարքներու նկատմամբ, եւ քանի որ այդ բաւականին դժուար է վերահսկել, որոշ դրամատուներ այդ պատճառով կը նախընտրեն անջատուիլ վրացական համակարգէն
Դրամատան ներկայացուցիչները ստեղծուած իրավիճակի պայմաններուն մէջ չեն կրնար ըսել, թէ որքան պիտի տեւէ այս սահմանափակումը: