Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումն այն է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ պէտք է ազատ ըլլան քննադատելու կառավարութիւնը` առանց հաշուեյարդարի վախի: Այսպիսի մեկնաբանութիւն տուած է ԱՄՆ դեսպանատունը, ի պատասխան Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող եւ լրագրողները թիրախաւորելու վերջերս ձեւաւորուած մշակոյթին վերաբերեալ հարցերուն:
Թէեւ NEWS.am-ը դեսպանատան առանձին հարցերով խնդրած էր անդրադառնալ իրաւապաշտպաններու կողմէ բացասական գնահատականի արժանացած` ծանր վիրաւորանքը քրէականացնող օրէնքի նոր դրոյթին եւ իշխող ուժի պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանի` խորհրդարանի ամպիոնէն լրագրողները վիրաւորելու պարագային դեսպանատունը այս թեմաներուն շուրջ տուած է մէկ ընդհանուր մեկնաբանութիւն:
«Ազատ խօսքը հիմնարար իրաւունք է եւ, չնայած միտումնաւոր ապատեղեկատուութեան ու անվտանգութեան օրինաչափ մտահոգութիւններուն, մարդիկ պէտք է ազատ ըլլան քննադատելու կառավարութիւնը` առանց հաշուեյարդարի վախի: Ազատ մամուլը լաւ գործող ժողովրդավարութեան անբաժանելի մասնիկն է: Մենք յանձնառու ենք աջակցելու ժողովրդավարութեան սկզբունքներու, այդ շարքին ազատ արտայայտուելու ապահովման ուղղուած Հայաստանի քաղաքացիներու ջանքերուն», կ'ըսուի դեսպանատան գրաւոր պատասխանին մէջ: