image

Հայաստանի մէջ. «Հրաժարականներու կիրակի»

  Հայաստանի մէջ. «Հրաժարականներու կիրակի»

 Երեկոյեան ժամերէն սկսեալ ընկերային ամենատարբեր հարթակներու եւ թէլէկրամեան ալիքներու վրայ պետական աւագանիի անդամ նախարարներու հրաժարականներու մասին։

Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ  իրենց վերադասին հրաժարականներ տուած են նախարարներ՝ Վահէ Ղազարեան, Գնէլ Սանոսեան, ինչպէս նաեւ ՊԵԿ-ի ղեկավար Ռուստամ Բատասեանն ու Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քարամեանը։

Հրաժարականներու իսկական պատճառներուն եւ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ մինչեւ այս պահը յստակ յայտարարութիւններ չկան։

 Յիշեցնենք, որ հրաժարականները տեղի կ՚ունենան կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին Փաշինեանի արտայայտած մտքերէն ետք, ուր ան բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ չափազանց կերպով դժգոհ է երկրի իրաւապահ եւ անվտանգային կառոյցներու եւ անոնց ղեկավարներու գործունէութիւնէն։