image

Հայաստանի մէջ դասաւանդութիւնները կը վերսկսին 11 յունուարին

Հայաստանի մէջ  դասաւանդութիւնները կը  վերսկսին 11 յունուարին

Համաձայն ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի, Մարմնամարզի նախարարի հրամանին՝ 1-ին եւ 2-րդ դասարանցիներու ձմեռնային արձակուրդը կը տեւէ մինչեւ 10 յունուար, ինչպէս սահմանուած էր 3-12-րդ դասարաններու աշակերտներուն: Այսինքն՝ բոլոր աշակերտներուն համար դասաւանդութիւնները կը  վերսկսին 11 յունուարին, հաշուի առնելով աշնան ամիսներուն ունենալիք մէկ ամսուայ դադարը, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու ներկայի նուազող թիւերը եւ առաջիկայ ամիսներուն կանխատեսուող հնարաւոր նոր ալիքը: Այս մասին տեղեկացուցին ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութենէն։

Սահմանուած ժամկէտներու փոփոխութեան նպատակն է խուսափիլ յունիս ամսուայ ընթացքին առաջին եւ երկրորդ դասարանցիներու դասաւանդութիւններէն, որովհետեւ կրնայ խնդրայարոյց ըլլալ շոգ եղանակին դիմակներ կրելու պարագան։

Գարնանային արձակուրդի ժամկէտը կը մնայ անփոփոխ. 1-ին դասարանցիներու համար սահմանուած է 2021-ի 22 մարտէն 4 ապրիլը ներառեալ, 2-րդ դասարանցիներուն համար՝ 22 մարտէն 28-ը ներառեալ, իսկ 3-12-րդ դասարանցիներուն համար գարնանային արձակուրդ նախատեսուած չէ:

Աւելցնենք, որ համաձայն նոյն հրամանին՝ այն դպրոցներուն, որոնց դասարաններուն մէջ աշակերտներու թիւը մինչեւ քսան է, եւ դասաւանդութիւնները կ'ընթանան առանց խումբերու բաժանման, հնարաւորութիւն տրուած է դասաւանդութիւնները իրականացնել հնգօրեայ ռեժիմով, այսինքն՝ պետական ուսումնական հաստատութիւններէն ներս շաբթուայ 5-օրեայ կամ 6-օրեայ տեւողութիւնը կը սահմանէ ուսումնական հաստատութիւնը, իսկ ոչ պետական ուսումնական հաստատութիւններէն ներս՝ հիմնադիրը: