Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէն հրապարակած է 2023 թուականի յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն 1000 խոշոր հարկ վճարողներու ցանկը, որու առաջին եռեակին մէջ կը գտնուին Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը, «Կազփրոմ Արմենիա» եւ «Կրանտ Թոպաքօ» ընկերութիւնները: Կը տեղեկանանք, որ նշուած ամիսներուն ընդհանուր առմամբ պիւտճէ վճարուած է աւելի քան 1 թրիլիոն 266 միլիառ 911 միլիոն դրամ կամ մօտ 3 միլիառ 174 միլիոն տոլար, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 17%-ով:
Միայն Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը պետական պիւտճէ վճարած է 52.4 միլիառ դրամ:
«Կէօփրոմայնինկ» ընկերութիւններու խումբի անդամ «Կէօփրոմայնինկ Կոլտ»ը յայտնուած է խոշոր հարկատուներու 85-րդ հորիզոնականին՝ 2․8 միլիառ վճարած հարկերով , իսկ Ագարակի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը 2․3 միլիառ դրամ վճարած հարկերով կը գրաւէ 102-րդ հորիզոնականը։ Այսպիսով՝ յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն «Կէօփրոմայնինկ» ընկերութիւններու խումբը պետական պիւտճէ վճարած է 57․5 միլիառ դրամ կամ շուրջ 145 միլիոն տոլար։