image

Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ'ուզէ խզել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ. Ռուսիոյ նախագահին առընթեր արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ'ուզէ խզել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ. Ռուսիոյ նախագահին առընթեր արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ

Միացեալ Նահանգներու հետ զօրավարժութիւններ կատարելու Հայաստանի ծրագիրները եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ) երկրի նախկին մշտական ներկայացուցիչին Հոլանտայի մօտ դեսպան նշանակելը ցուցադրական քայլեր են, որոնք պէտք է ցոյց տան Ռուսիոյ, որ Երեւան կը ձգտի վերակողմնորոշուիլ դէպի Արեւմուտք: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին առընթեր արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ, քաղաքագետ Պոկտան Պեզփալքօ, գրած է armeniasputnik.am ։

Աւելի վաղ ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը յայտնած էր, որ սեպտեմբերին կը կատարուին հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններ, որոնց նպատակը խաղաղապահ առաքելութիւններու ծիրէն ներս փոխգործունակութեան բարձրացումն է։ Երեքշաբթի Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ետ կանչած է ՀԱՊԿ-ի մէջ երկրի մշտական ներկայացուցիչ Վիքթոր Պիյակովին՝ նշանակելով զայն Հոլանտայի մօտ դեսպան։

«Նիկոլ Փաշինեան շարք մը ցուցադրական քայլեր կը ձեռնարկէ, որոնք ակնյայտօրէն անընդունելի են Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն համար... Քայլերը պէտք է խորհրդանշեն Հայաստանի վերակողմնորոշումը ռուսական ուղղութենէն դէպի արեւմտեան: Սա յստակ կը ցուցադրէ առ այն, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը ցանկայ խզել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ»,- ըսած է փորձագէտը։

ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու վտանգ կայ, սակայն քանի դեռ Հայաստան պաշտօնապէս դուրս չէ եկած այդ կազմակերպութենէն, փորձագէտն այս բոլոր քայլերը կը համարէ շանթաժի տարր։