Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի շրջանակներուն մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 24-ին, Վիեննայի մէջ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեանը:
Յիշեցնենք, որ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ կայացած էր, Յունուար 14-ին: