image

Հայաստանի 1,016 քաղաքացի այս պահուն կը համարուի անհետ կորսուած․ Փաշինեան

Հայաստանի 1,016 քաղաքացի այս պահուն կը համարուի անհետ կորսուած․ Փաշինեան

Հայաստանի 1,016 քաղաքացի այս պահուն կը համարուի անհետ կորսուած։ Եւրոխորհրդարանին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Բացի այս, ան ընդգծած է, որ դեռ 2021 թուականին Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղէն ստացած եւ Ատրպէյճանին փոխանցած է ականապատ դաշտերու՝ հայկական կողմի տրամադրութեան տակ առկայ բոլոր քարտէզները:

«Մենք սա արել ենք առանց նախապայմանների, որպէս բարի կամքի արտայայտութիւն, բայց, ցաւօք, Ադրբեջանը դա ընկալեց ոչ թէ որպէս խաղաղութեանն ուղղուած քայլ, այլ Հայաստանի նկատմամբ ագրեսիւ հռետորաբանութիւնը սաստկացնելու առիթ», - նշած է վարչապետը։

Փաշինեանի համոզմամբ՝ այս ամէնն իրականացնելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք։

Ան վստահեցուցած է, որ դէպի խաղաղութիւն երթալու հարցով ինքը, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ունին այդ քաղաքական կամքը։