image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանէն պատասխան՝ Ատրպէյճանի առաջարկներուն

Հայաստանէն  պատասխան՝ Ատրպէյճանի  առաջարկներուն

Հայաստանը պատասխանած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմի վերջին առաջարկներուն, «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան՝ տեղեկացուցած է Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

Ան նշած է, որ խօսքը պայմանագրի նախագիծին շուրջ առաջարկներու 8-րդ խմբագրութեան մասին է։

Օրերս արտաքին գործերու նախարար Միրզոյանը ըսած էր, որ Երեւանն ու Պաքուն խաղաղութեան պայմանագրի կնքման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ շարք մը փոխադարձ համաձայնութիւններու արդէն եկած են, բայց երկու հիմնական հարցի վերաբերեալ կողմերուն պատկերացումները դեռ հեռու են իրարմէ։ Անոնք են տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման ու հետագայ սահմանազատման գործընթացը եւ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը։