image

Հայաստանեայց եկեղեցին այսօր կը նշէ Սուրբ Ծննդեան տօնը

Հայաստանեայց եկեղեցին այսօր կը նշէ Սուրբ Ծննդեան տօնը

Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր` 6 յունուարին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, որ Յիսուսի  ծննդեան եւ մկրտութեան յիշատակումն է:

Աստուած մարդացաւ եւ յայտնուեցաւ մարդոց: Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ Հայր Աստուած կը վկայէ. «Այս է իմ սիրելի Որդին, որն ունի իմ ամբողջ բարեհաճութիւնը» (Մատթ. 3:17, Մարկ. 1:11, Ղուկ. 3:22) եւ Սուրբ հոգին աղաւնակերպ կ'իջնէ Քրիստոսի վրայ: Տեղի կ'ունենայ երկրորդ Աստուածայայտնութիւնը: Այսպիսով, Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան միջոցով հաստատուած երկու Աստուածայայտնութիւնները եկեղեցւոյ մէջ կը տօնեն միասին` 6 յունուարին «Յայտնութիւն» կամ «Աստուածայայտնութիւն» ընդհանուր անուամբ:

6 Յունուարի առաւօտեան կը մատուցուի Սբ. Պատարագ, որմէ ետք` կը կատարուի Ջրօրհնէք` Յիսուսի մկրտութիւնը` (ըստ ժողովուրդի` խաչը ջուրը կը նետեն): Յիսուս ջուրը օրհնեց իր մկրտութեամբ: Պատարագիչը սուրբ Միւռոն կը կաթեցնէ ջուրի մէջ եւ կ'օրհնէ այն: Աւանդութեան համաձայն, ժողովուրդն այդ ջուրէն տուն կը տանի, որպէս բուժիչ դեղ հիւանդներու համար: Այնուհետեւ քահանան կ'այցելէ հաւատացեալներու տուներն` աւետելու Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Այստեղէն ալ առաջացած է Տնօրհնէքի սովորոյթը: