«Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարած է, որ պիտի տրամադրէ 28 պատգամաւորի ստորագրութիւն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իմփիչմենթի (անվստահութիւն եւ հրաժարականի պահանջ) գործընթացի մեկնարկի համար, եթէ նման գործընթաց նախաձեռնողները կարենան ապահովել պակսող 8 պատգամաւորի ստորագրութիւնը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին անվստահութիւն յայտնելու հարցն առաջարկած են «Արթուն ենք» քաղաքացիական շարժման անդամները։ Անոնք ապրիլ 28-ին 107 պատգամաւորի անունով նամակներ փոխանցած են Ազգային ժողով:
Շարժման անդամներու խօսքով՝ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու հիմքն այն է, որ Փաշինեանն ու իր գրասենեակը 2021-2026 թուականներու կառավարութեան ծրագրին հակառակ կը գործեն:
Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու որոշման նախագիծ կրնայ ներկայացնել պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդը, եթէ միաժամանակ նոր վարչապետի թեկնածու առաջադրէ։
Նախաձեռնութեան անդամներու պնդմամբ՝ ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցած որեւէ թեկնածու իրենց համար ընդունելի պիտի ըլլայ:
Խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները միասին ունին 34 ձայն։ Նախագիծի ներկայացման համար անհրաժեշտ է 36 պատգամաւորի համաձայնութիւն, ընդունման համար՝ 107 պատգամաւորէ առնուազն 54-ը պէտք է կողմ քուէարկէ:
Մինչ այս ալ երկու խմբակցութիւններէն դուրս եկած են ու առանձին գործունէութիւն կը ծաւալեն երկու պատգամաւոր՝ Գեղամ Նազարեանն ու Իշխան Զաքարեանը։
2024-ի յունիսին «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման ժամանակ ընդդիմութիւնը խոստացած էր սկսիլ անվստահութեան գործընթաց, սակայն, Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չկարողացան ստանալ ընդամէնը մէկ ձայն՝ Իշխան Զաքարեանի ձայնը, որ նախագիծը ներկայացնեն։ Անոնք Ազգային Ժողով բերին ոչ թէ հրաժարականի պահանջ, այլ հրաժարականի ուղերձի նախագիծ, որ եթէ անգամ ընդունուէր, իրաւական հետեւանքներ չէր առաջացներ։
Ներկայիս եթէ ընդդիմութիւնը յաջողի հաւաքել անվստահութեան նախագիծի համար անհրաժեշտ ձայները, անոր պէտք պիտի ըլլայ անկախ պատգամաւորներու եւ ՔՊ-ականներու ձայներ եւս, որ Փաշինեանը լքէ վարչապետի պաշտօնը։