image

Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան առընթեր Մոսկուան պատրաստ է դրական միջամտութեան

 Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան առընթեր Մոսկուան պատրաստ է դրական միջամտութեան

Ռուսական պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս խորհրդատուական-տեխնիկական աջակցութիւն ցուցաբերելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման վերաբերեալ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԶԼՄ-ներու համար հաղորդման մէջ:

«Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Նախագահ Ի.Հ.Ալիեւի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն.Վ. Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինի 2021թ. նոյեմբեր 26-ի պայմանաւորուածութեան համապատասխան՝ սոյն թուականի օգոստոս 30-ին Մոսկուայի մէջ կայացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման՝ ատոր հետագայ սահմանագծմամբ երկկողմ յանձնաժողովի հանդիպումը՝ Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ: Կողմերու պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներ Շ.Ա Մուսթաֆաեւը, Մ.Հ. Գրիգորեանը եւ Ա. Լ. Օվըրչուքը:

Միջոցառման նախորդած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ ս.թ. մայիս 24-ին երկու երկիրներու սահմանին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններու առաջին հանդիպման կայացումը:

Ռուսական պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս խորհրդատուական-տեխնիկական աջակցութիւն ցուցաբերել երկու երկիրներու միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման վերաբերեալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատվիրակությունների բանակցություններին, սահմանի մոտ կայունության եւ անվտանգության մակարդակի բարձրացմանը:

Նոր հանդիպման ժամկէտները պիտի համաձայնեցուին լրացուցիչ դիւանագիտական ուղիներով»,- տեղեկացուցած է ՌԴ ԱԳՆ-ն։