image

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու խնդրով ԱՄՆ լաւատես է. ԱՄն Խօսնակ

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու խնդրով ԱՄՆ լաւատես է. ԱՄն Խօսնակ

Միացեալ Նահանգներ յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պիտի շարունակեն քայլեր ձեռնարկել՝ մնացած տարաձայնութիւնները հարթելու համար։ Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս։

«Մենք կ'ողջունենք հայ ռազմագերիներու՝ հայրենիք վերադարձի մասին հաղորդագրութիւնները, որ դրական զարգացում է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացի համար: Մենք յոյսով ենք, որ մնացած բոլոր ռազմագերիները շուտով կը վերադառնան տուն, եւ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կը շարունակեն քայլեր ձեռնարկել՝ վստահութեան ամրապնդման եւ մնացած տարաձայնութիւնները հարթելու համար»,-գրած է Փրայս։