Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու զինծառայողը մայիս 19-ին՝ ժամը 17:00-ի սահմաններուն, թիրախային մենահատ կրակոց արձակած է սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան հատուածին տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողի ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողը որեւէ վնասուածք չի ստացել, քանի որ կրակոցի պահին եղել է զրահաբաճկոնով:
Ժամը 19:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնն առաջնագծում յարաբերականօրէն կայուն է:
Կից լուսանկարում ՀՀ ԶՈՒ զինծառայողի զրահաբաճկոնն է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: