Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները ամրութեան ստուգում կ'անցնեն, անցեալ տարին բարդ էր:
Sputnik ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոբերքին։
Ողբերգական իրադարձութիւնները՝ հայ բնակչութեան արտագաղթը Լեռնային Ղարաբաղէ, չէին կրնար չազդել նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վիճակին վրայ։
«Գաղտնիք չէ, որ տեղի ունեցածի համար պատասխանատուութեան զգալի մասը նախընտրեն բարդել նաեւ Ռուսիոյ վրայ։ Այդ անդրադարձած է մեր քաղաքական երկխօսութեան վրայ»,- նշած է Քոբերքին։
Դիւանագէտին խօսքով՝ յայտնի է, որ հայկական ղեկավարութիւնը հիմա հարցականի տակ դրած է անվտանգութեան ապահովման այն բանաձեւը, որ կը գործէր մինչեւ օրս, եւ այդ ոլորտին մէջ զանազանութեան ուղղութիւն վերցուցած է ։
«Այս ամէնը չէր կրնար չանդրադառնալ մեր յարաբերութիւններու մթնոլորտին վրայ։ Ուղղակի պէտք է ըսեմ, որ հիմա այդ յարաբերութիւնները իւրատեսակ ամրութեան փորձութիւններ կ'անցնեն»,-նշած է դեսպանը։
Ռուսիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցով իր մօտեցումը չէ փոխած։ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը, անոր խօսքով, բազմիցս ըսած է, որ Մոսկուան կը շարունակէ դիտարկել Երեւանի հետ յարաբերութիւնները որպէս դաշնակցային:
Երկկողմ յարաբերութիւններու իրաւապայմանագրային հիմքին շուրջ 200 փաստաթուղթ կայ, ներառեալ՝ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն վերաբերող: Եւ ռուսական կողմը կ'ընէ առաւելագոյնը, որպէսզի տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու զօրութիւնը չնուազի։
Քոբերքին կը կարծէ, որ չնայած առկայ խնդիրներուն` երկկողմ յարաբերութիւնները կը շարունակեն ամուր մնալ:
Միեւնոյն ժամանակ, անոր խօսքով, կայ գործօն մը, որ կ'անհանգստացնէ. վերջին շրջանին տարածաշրջան բերուած է ինչ որ կարելի է անուանել աշխարհաքաղաքական առճակատում:
«Արեւմտեան երկիրները, որոնք կը փորձեն օգտագործել տարածաշրջանի մէջ առկայ խնդիրները, խաղադրոյք կը կատարեն այն բանի վրայ, որ այստեղ թուլցնեն Ռուսիոյ դերը, գուցէ նոյնիսկ զայն դուրս մղելու նպատակով, եւ, ի հարկէ, ճեղքեր ստեղծեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մեր երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ։
Այդ նպատակը չեն թաքցներ։ Ամերիկեան պաշտօնական ներկայացուցիչները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններն ուղղակիօրէն կը դնեն Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ պայքարի պարունակին մէջ։ Այս ամէնը լուրջ մտահոգութիւն եւ անհանգստութիւն կ'առաջացնէ»,- ըսած է Քոբերքին։
Ան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւններու հիմքն ու առարկայական շահերը բաւականաչափ ամուր են ներկայի փորձութիւնները յաղթահարելու համար: