image

Հայ գերիներու ազատութեան համար նամակներ՝ ՄԱԿ-ին

Հայ գերիներու ազատութեան համար նամակներ՝ ՄԱԿ-ին

Խումբ մը սփիւռքահայ երիտասարդներ  Արցախեան պատերազմին ընթացքին գերեվարուած հայ ռազմագերիներու ազատութեան պահանջով   նամակներ փոխանցած են ՄԱԿ-ին եւ Երեւանի մէջ Ռուսաստանի Դեսպանութեան։ 

Այս մասին «Արեւելք»ին հաղորդեց Երեւանի մեր  թղթակիցը։ 

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ  երիտասարդներուն կողմէ խմբագրուած նամակին մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է յարգել անցնող  նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնութեան մէջ նշուած կարեւորագոյն կէտերէն մին, որն էր արագօրէն ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները։

Նշենք նաեւ, որ  թէ ՄԱԿ-ի  Երեւանեան գրասենեակը եւ թէ ալ Ռուսաստանի դեսպանութիւնը ըմբռնումով մօտեցած են ներկայացուած նամակին նշելով, որ պահանջը պիտի ներկայացուի պատկան մարմիններուն։