2018ին հրատարակեցինք «Ատամնաբուժներու Եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» հատորը:
Իբրեւ վերապրողներու զաւակ ու անոնց տառապանքներուն ժառանգորդը, նաեւ իբրեւ բժիշկ՝ պարտք զգացինք անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին, արթնութեան հրաւիրելու համար ներկայ դարուն ապրող բժշկական դասի բոլոր անդամները, յուշելու, որ մեր ճիտին պարտքն է չմոռնալ մեր նահատակ գործընկերները, հետապնդել մեր արդար դատը, մնալ պահանջատէր եւ գործել ի նպաստ արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք այս հատորի պատրաստութեան համար: Ուսումնասիրութիւնէն ի յայտ եկան հետեւեալ իրողութիւնները.
Հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները, իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, անմասն չեն մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն, որ որոշուեցաւ, ծրագրուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ թուրք ազգայնամոլ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու կողմէ, իսկ գործադրութիւնը կատարուեցաւ թուրք ջարդարար զինուորականներու, քաղաքացիներու, բժիշկներու եւ վարձկան խմբակներու կողմէ:
Թուրքը չէ խնայած հայ բժիշկներու դասը, որ ամբողջական նուիրումով ծառայած էր հայրենիքին եւ թուրք ժողովուրդին: Թուրք բժիշկները եղած են առաջին մեղսակիցները հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպանութեան:
1915ին, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն, հայ բժիշկներու մեծ խմբակ մը մնացած է հաւատարիմ բժշկական իր ասպարէզի բարոյախօսութեան, եւ գործած է իր միջավայրին մէջ, օգտակար հանդիսանալով թէ՛ հայերուն եւ թէ թուրքերուն, հակառակ անոր, որ անոնցմէ շատերը կորսնցուցած էին իրենց ընտանիքները եւ հարազատները:
Եղեռնի առաջին օրերուն, հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուած են, բանտարկուած են, տարագրուած են եւ անմարդկային չարչարանքի ենթարկուած են թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալու եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալու պատճառով: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմած են հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը թրքավայել վարձատրութիւնն էին հայ բժիշկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ Թուրքիոյ բժշկական մարզին հիմնական սիւները:
Հայ բժիշկներէն շատերը Ցեղասպանութեան տարիներուն իրենց բժշկական ծառայութեան եւ կամ ձերբակալութեան ու բանտարկութեան ընթացքին վարակուած են ժանտախտէ: Անոնք երկար տարիներ պայքարած են այս հիւանդութեան դէմ եւ ի վերջոյ մահացած են:
Որոշ թիւով հայ բժիշկներ, ականատես ըլլալէ ետք հայոց Ցեղասպանութեան աննախընթաց բոլոր փուլերուն եւ հայ ժողովուրդի տաժանակիր կեանքին ու անձամբ թրքական բանտերուն եւ զօրանոցներուն մէջ չարչարուելէ ետք, վերապրած են նախախնամութեան ներգործութեամբ: Անոնք եղած են ցիր ու ցան, տարածուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ շարունակած են իրենց բժշկական առաքելութիւնը՝ ծառայելով համայն մարդկութեան անխտիր:
Երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողած են հայրենիքին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղած են դահճապետները իրենց գործակից, պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուած են մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով՝ հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշտօններուն նկատմամբ:
Թուրք բժիշկներու այս դերակատարութիւնը բացայայտօրէն ի յայտ եկած են 1918-1919ի թրքական զինուորական դատավարութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի ունեցած են Իթթիհատ կուսակցութեան հինգ ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Զինուորական դատարանին եզրակացութիւններուն համաձայն, հայկական ջարդերուն պարագլուխներէն եղած են հետեւեալ երդումնադրուժ թուրք բժիշկները. Նազիմ, Պահաէտտին Շաքիր, Սիւլէյման փաշա Նեման, Համիտ Սուատ, Ալի Սայիպ, Ֆայիք, Մեհմէտ պէյ Ռաշիտ., Ֆազիլ Պեքրի, Մեհմետ Հասան, Ասաֆ Մուշի, Ֆերիտոն, Շեւքէթ եւ Սանի Եաւէր։
Վերոյիշեալ թուրք բժիշկներուն կողքին հետեւեալ թուրք բժիշկները զանազան դերակատարութիւններով մասնակցած են Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Իպրահիմ Թալի, Ֆուատ Սապի, Հիւսէին Ռիզա, Ռիֆքի, Սերվէթ, Հիլմի, Սիտքի, Էշրէֆ, Իզզէթ պըն էմին, Ապտալլա, Ռուշտի պէյ պըն Հաճի Հիւսէյն, Պեսիմ Զուհտի, Միտհատ, Զիա եւ Ֆեթհի:
Կարգ մը թուրք բժիշկներ անձամբ եւ կամ ուրիշներու մեղսակցութեամբ սուտ բժշկական վկայագրեր տուած են նահատակուած հայերու անունով: Օրինակի համար` Ուրֆայի թաղապետական բժիշկ Թահսին բժշկական սուտ վկայագիր տուած է ըսելով, որ Գրիգոր Զոհրապ սրտի տագնապով մահացած է Ուրֆայէն Տիարպէքիր ճամբորդած ատեն: Ասոր կողքին ոճրագործ բժիշկը ստիպած է տեղւոյն քահանային՝ Վանէս Օղլու Հայրապետին, որ վկայագիր մը տայ՝ ըսելով, որ կրօնական օրինաւոր թաղում ըրած է Գրիգոր Զոհրապին: Տէր Վանէս քահանան պարտադրաբար այդպիսի վկայագիր մը տուած է:
Ուրիշ թուրք բժիշկներ կատարած են նաեւ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ՝ շատ մը հայ աղջիկներու վրայ, յագեցնելու համար իրենց վատառողջ սեռային փափաքը: Շատեր խոստովանած են, թէ ինչ մեծ հաճոյքով եւ մոլեգնօրէն իրենց պապակը կը յագեցնէին անչափահաս՝ 12 տարիքը չբոլորած հայ պարմանուհիներու կուսութիւնը ըմբոշխնելով եւ դիտելով իրենց պղծած հայ անմեղուհիներու զոհաբերումը իրենց ձեռքով սարքուած բագիններու վրայ:
Թուրք ակնաբուժներէն ոմանք նոյնպէս ունեցած են շատ մեծ դերակատարութիւն: Անոնք փոխանակ դարմանելու իրենց ներկայացած հայ հիւանդներուն աչքերը, գործածած են այնպիսի դեղեր, որոնք պատճառած են տեսողութեան կորուստ: Այս բժիշկներէն մէկը Գոնիայի մէջ ըսած է իր թուրք գործակիցին. «Մենք պէտք է շաբաթը հայ մը կուրցնենք»:
Նահատակուած բժիշկներէն եւ դեղագործներէն անկախ, եղած են մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ եւ բուժաշխատողներ, որոնք պատերազմի, տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց ընտանիքի անդամները եւ հարազատները, պապենական կալուածներն ու տուները, ինչքն ու հարստութիւնը, եւ մազապուրծ փախչելով՝ ապաստան գտած են հարեւան երկիրներու մէջ: Հետագային, անոնք ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ մաս կազմած են այսօրուան տխուր իրողութիւնը հանդիսացող ՍՓԻՒՌՔին: Անոնց մէկ մասը իր վախճանը գտած է օտար ափերու կամ ձուլուած է տեղաբնակ ժողովուրդներուն մէջ:
Եղած են նաեւ մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ, որոնք ձերբակալուած են ու բանտարկուած՝ Չանղըրըի եւ Այաշի բանտերուն մէջ, ենթարկուած են տաժանակիր չարչարանքներու, սակայն բախտի բերմամբ ազատած են ստոյգ մահէն: Անոնք վերադարձած են Պոլիս եւ վերապրած են: Եղած են անուանի բժիշկներ եւ հանրածանօթ ազգային-հասարակական գործիչներ, կուսակցականներ եւ մտաւորականներ: Վերապրողներէն շատերը հեռացած են Թուրքիայէն եւ հաստատուած են հայկական հեռաւոր գաղթօճախներ, ուր իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերած են տեղւոյն հայերուն:

Այս ուսումնասիրութիւնէն ի յայտ եկած էր հետեւեալ վիճակագրական արդիւնքները․
1. Նահատակուած են 198 բժիշկ, 16 ատամնաբուժ, 100 դեղագործ եւ 2 անասնաբուժ: Նահատակուողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 316:
2. Ժանտախտէ մահացած են 54 բժիշկ, 4 ատամնաբուժ եւ 21 դեղագործ: Ժանտախտէ մահացածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 79:
3. Վերապրած են 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբուժ եւ 2 անասնաբուժ: Վերապրողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 97:
Այս բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն մեծամասնութիւնը ծառայած է օսմանեան բանակին: Անոնք իրենց ուսումը ստացած են Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարանէն, Պէյրութի Ամերիկեան եւ Ֆրանսական համալսարաններու բժշկական դպրոցներէն, մաս մըն ալ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բժշկական համալսարաններէն:
Այս գիրքի հրատարակութենէն ետք, երկու տարի շարունակեցինք մեր պրպտումները եւ կարողացանք գտնել նահատակուած մէկ բժիշկի եւ մէկ անասնաբուժի, վերապրած 87 բժիշկներու, 22 ատամնաբուժներու եւ 37 դեղագործներու անունները, ընդհանուրը՝ 146 վերապրող: Այս վիճակագրական տեղեկութիւնները մանրամասնօրէն որպէս յաւելուած յիշած ենք 2022ի սկիզբը հրատարակուած «Բժիշկին Զ. խօսքը» հատորին մէջ:
Վերջին մի քանի ամիսներու յաւելեալ պրպտումներոով գտած ենք երեք վերապրող բժիշկներու անունները՝ Գարեգին Վարդապետեան, Նաւասարդ Տէյիրմէնճեան եւ Վարազդատ Գազանճեան:
Ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը կ՛ըլլայ՝ 246:
Յաւակնութիւնը չունինք ըսելու, որ այս վիճակագրութիւնները ամբողջական են եւ մեր կատարած ուսումնասիրութիւնները անթերի ու կատարեալ են:
Վերապրող բժիշկները, ատամնաբուժներն ու դեղագործները ունեցած են բեղուն գործունէութիւն իրենց ասպարէզին մէջ, ուր որ ալ գտնուած են: Անոնցմէ շատերը իրենց ասպարէզին հետ զուգահեռ, եղած են մտաւորական, քաղաքական գործիչ, թեմական պատասխանատու անձնաւորութիւն եւ ղեկավար: Անոնք ունեցած են ազգային-քաղաքական մեծ դերակատարութիւն հայկական իրականութեան մէջ: Անոնց պիտի անդրադառնանք առանձնաբար:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնթրէալ
11 Յունուար 2023