image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի ռազմափորձին Հայաստան եւս պիտի մասնակցի

ՀԱՊԿ-ի ռազմափորձին Հայաստան եւս պիտի մասնակցի

Վեց երկրի, այդ շարքին՝ Հայաստանի շուրջ 800 զինծառայող պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերու «Անխախտ եղբայրութիւն-2021» զօրավարժութիւններուն, որոնք պիտի կայանան Նոյեմբերին Կազանի մէջ, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ վկայակոչելով ՌԴ Կեդրոնական ռազմական շրջանի մամուլի ծառայութիւնը:

Վերջինիս համաձայն՝ Կազանի բարձրագոյն թանկային հրամանատարական դպրոցին մէջ աւարտած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներու շտապային վերջին բանակցութիւնները ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու «Անխախտ եղբայրութիւն-2021» համատեղ զօրավարժութեան նախապատրաստման շրջածիրէն ներս, որ պիտի կայանայ Նոյեմբերին ռազմական բուհի ուսումնական զօրավարժարանէն ներս:

«Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Ռուսաստանի եւ Տաճիկստանի ռազմական պատուիրակութիւնները նախօրէին փորձնական գործողութիւններու վայրի հետախուզութիւն կատարած են, որոշած են զօրավարժութիւններուն մասնակցող ուժերու եւ միջոցներու կազմը: Այսպիսով, համատեղ փորձնական  գործողութիւններուն պիտի մասնակցի ընդհանուր մօտ 800 զինծառայող»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Զօրավարժութիւններուն պիտի ներգրաւուի նաեւ Ռուսաստանի զինուած ուժերու 90 միաւոր տեխնիկա, այդ շարքին՝ երկու «Մի-24» եւ «Մի-8» ուղղաթիռ, «Սու-24ՄՌ» եւ «Սու-34» ինքնաթիռներ: Զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու այլ նախարարութիւններու ու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բանակցութիւններու աւարտին հաստատուած է նաեւ զօրքերու գործնական գործողութիւններու ծրագիրը. մշակուած են որոշումներ համապարփակ աջակցութեան եւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու պահանջներուն համապատասխանութեան վերաբերեալ: