image

Հալէպին Ելեքդրականութիւն Մատակարարող «Թըշրին» Ջրամբարը Տահէշէն Ազատագրուեցաւ

Հալէպին   Ելեքդրականութիւն  Մատակարարող «Թըշրին»  Ջրամբարը  Տահէշէն Ազատագրուեցաւ

Հալէպի    հիւսիսային  շրջանին   մէջ եղող      «Թըշրին»  ջրամբարը        այսօր ազատագրուեցաւ   Տահէշի լուծէն: Այս   մասին   տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ նաեւ  կը նշեն, որ «Թըշրին»ին անունը   կրող   ջրամբարը      Հալէպի   տարբեր շրջաններուն    ելեքդրականութիւն հաթայթող ջրամբար է:    Շրջանը  Տահէշէն ազատգրուած  է Սուրիոյ «Տէմոքրաթական»  ջոկատներուն կողմէ, որ արաբ  եւ քիւրտ  զինեալներու խմբաւորում  մըն է  եւ կը վայելէ  Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը: Նշենք,  որ     անցնող    2014  թուականէն  ասդին   շրջանը կը գտնուէր Տահէշի  տիրապետութեան  տակ: