Օրերս Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի երդիքի ներքոյ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեան ընդունած է բնիկ դամասկահայ վերլուծաբան Դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեանը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշքարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Դամասկոսէն ժամանած թրքական հարցերու վերլուծաբան դոկտ․ Սարգիս Պուռունսուզեանի։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալայճեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, դոկտ. Սարգիս շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով, անոր մաղթելով առողջութեամբ, արեւշատութեամբ եւ օրհնաբեր ծառայութեամբ լեցուն տարիներ։ Այս առիթով, ան Սրբազան Հօր արծաթեայ հայկական կրծքախաչ մը նուիրեց։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով կատարեալ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց դոկտ. Սարգիսին։