Հալէպի մէջ երիտասարդական նախաձեռնութիւններու ընթացք տալու նպատակով, նախաձեռնութեամբ Հայ Աւետարանական Համայնքին, մեկնարկած է «Մասնագիտական Վերապատրաստման Դասընթացքներ եւ Փոքր Ձեռնարկութիւններու Հիմնում» ծրագիրը՝ իր չորրորդ թողարկումով, հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի եւ օրհնութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի։
Ծրագիրը իր 3 փուլերով՝ մասնագիտական դասընթացքներ, ձեռնարկատիրութեան դասընթացք եւ արտադրման սարքերու բաշխում, նոր ճամբայ կը հարթէ 200 երիտասարդ֊երիտասարդուհիի առաջ, հիմնելու փոքր ձեռնարկութիւններ, որոնք կը նպաստեն ազգային տնտեսութեան զարգացման եւ բարելաւման։
Ծրագիրէն օգտուող երիտասարդները հմտութիւն պիտի ստանան 17 արդիւնաբերական, արտադրողական եւ արհեստագործական ոլորտներու մէջ։
Ծրագրի մեկնարկի բացման հանդիսութեան նահանգապետ Տիապ կարեւոր նկատած է երիտասարդներու ունեցած դերը Սուրիոյ ապաքինման գործընթացին մէջ, ողջունելով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի մեկնարկը՝ ի շահ տեղական տնտեսութեան բարգաւաճման եւ ամրապնդման, ընդդէմ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած արգելափակման եւ անարդար պատժամիջոցներուն։
Իր կարգին, Վերապատուելի Համայնքապետը նկատել տուաւ, թէ ծրագիրը առաւել եւս պատասխանատւութիւն կը դնէ երիտասարդներու ուսերուն վրայ՝ աւելի ազդու եւ շինիջ ներկայութեամբ մասնակից դառնալու Սուրիան վերակառուցելու գործին։
Ծրագիրը իր 2024֊ի թողարկումով, օգտակար պիտի դառնայ պատերազմէն եւ երկրաշարժի աղէտէն տուժած 18֊էն 45 տարեկանի սահմաներուն մէջ եղող երիտասարդութեան։
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը «Մասնագիտական Վերապատրաստման Դասընթացքներ եւ Փոքր Ձեռնարկութիւններու Հիմնում» ծրագիրը կ'իրականացնէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ KERK IN ACTIE հաստատութեան հետ պտղաբեր համագործակցութեամբ, օգտակար դառնալով Հալէպի երիտասարդ խաւին անխտիր։
Նիւթը «Արեւելք»ի համար պատրաստեց հալէպահայ լրագրող՝ Յովիկ Շեհիրեան