image

Հալէպի հայկական ճեմարան. Այս տարուայ վերամուտը ուրիշ էր

Հալէպի հայկական ճեմարան. Այս տարուայ վերամուտը ուրիշ էր

Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն ներս հնչեց 2022-2023 տարեշրջանի առաջին զանգը։ Սակայն այս տարի Ճեմարանը ապրեցաւ զոյգ ցնծութիւն. վերամուտին զուգահեռ բացումը կատարուեցաւ նաեւ Ճեմարանի  վերանորոգուած պատմական շէնքին։ 

Այս յիշատակելի արարողութեան մասնակցեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի տեղապահ՝ Հայր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, Պատկան Մարմնի, Ազգ. Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի, Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ այլ մարմիններու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Ճեմարանի ուսուցչակազմը։ Ներկաներուն նախ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կ՚արտացոլար Ճեմարանի հին շէնքի վերակառուցման հանգրուանները։ 

Ապա հիւրերը բարձրացան շէնքի զոյգ յարկերը։ Անոնց յաջորդեց Ճեմարանի խանդավառ աշակերտութիւնը, որուն երկար տարիներ ետք պիտի վիճակուէր Ճեմարանի պատմական կառոյցէն ներս ուսումնառութիւնը։ 

 

 

 

Լուաանկարները՝ VENUS-ի