image

Հալէպի Հայկական Շրջաններուն Մէջ Խուճապի Մթնոլորտ Չկայ

Հալէպի  Հայկական Շրջաններուն Մէջ  Խուճապի Մթնոլորտ Չկայ

 Սուրիա-   Հալէպի   հայկական շրջանները կը գտնուին   համեմատաբար բնականոն իրավիճակի մը մէջ: Այս մասին  տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի   Հալէպի   աղբիւրներէն:    Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսօր    դպրոցները բնականոն կերպով բացած են իրենց դռները եւ աշակերտութիւնը սովորականին պէս մասնակցած է դասաւանդութիւններուն:  Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց,  որ   արդէն մէկ  շաբաթ է, որ   քաղաքին  մէջ կը շարունակուին  ջուրի եւ ելեքդրականութեան  տագնապները բայց եւ այնպէս    քաղաքացիները, որոնց մէջ նոյնպէս  հալէպահայերը յաւելեալ կարգադրութիւններ ըրած են       դիմակայելու համար ջուրի եւ ելեքդրականութեան  սուր տաւգնապներուն:  Վերջին    ժամերուն      համացանցի դրութիւնը  ընդհանրապէս     դադրած է գործելէ  եւ    Հալէպի հետ կապ հաստատելու միակ  միջոցը հեռախօսային համակարգն է: Նշենք, որ  անցնող    ժամերուն Հալէպի շրջակայ շրջանները եւ յատկապէս  «Հալապ Ալ  Ժատիտ» շրջանը թիրախ դարձած էր ահաբեկիչներու հրթիռարձկումներուն: Այս մասին  լուր հաղորդած էր նաեւ «Ռօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նշելով,  թէ  «Հալապ  Ալ Ժատիտ» շրջանին դէմ գրանցուած ռմբահարումներուն հետեւանքով զոհուած են շուրջ  40   անձեր, որոնց   15-ը   անչափահաս երեխաներ են: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  հալէպահայերու մօտ խուճապի տրամադրութիւններ չկան եւ կեանքը կը շարունակուի    այլ  թէժ շրջաններու   համեմատ  բնականոն հունով մը:     Տեղին է նշել, որ տարբեր լրատուական  ցանցեր   տեղեկութիւններ  կը փոխանցեն,  որ  յատկապէս  Ռուսական   զինուորական  օժանդակութիւններուն  եւ նեցուկին հետ համընթաց ընդդիմադիր ջոկատներ կը պատրաստուին զինուորական լայնածաւալ  գործողութիւններ սկսիլ Հալէպի ուղղութեամբ բայց մինչեւ այս պահը  այդ    վտանգաւոր  լուրին նախանշանները երեւելի չեն: