image

«Հայկական Երուսաղէմ» ընդհանուր խորագրով ցուցահանդէս՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մէջ

«Հայկական Երուսաղէմ» ընդհանուր խորագրով ցուցահանդէս՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մէջ

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, 2024-ին, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մէջ հանդէս եկաւ երկու իւրայատուկ եւ հետաքրքրական ցուցահանդէսներով, որոնցմէ առաջինը նուիրուած էր Հայկական Բաժանմունքի պատմութեան ու գործունէութեան, իսկ երկրորդը նուիրուած էր սաղիմահայութեան եւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանին։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի պաշտօնական կայքէջէն։

Ստորեւ՝ ներկայացուած յօդուածը։

Ցուցահանդէսները ընդհանրապէս հաճոյք պարգեւող փորձառութիւններ են, յատկապէս երբ այցելուն անմասն կը մնայ անոր կազմակերպութեան եւ համադրումի խրթին աշխատանքներէն՝ արուեստի գործերու փոխադրութիւն, ապահովագրութիւն, մաքսազերծում եւ այլն. իսկ ցուցահանդէսներու ժամկէտները գրեթէ միշտ շատ սեղմ են։

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը սովորաբար ցուցահանդէսներ չի կազմակերպեր. սակայն 2024 թուականը բացառութիւն էր։ Բաժանմունքը երկու հետաքրքրական բայց իրարմէ շատ տարբեր ցուցահանդէսներ ներկայացուց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան մէջ: Առաջինը նուիրուած էր Հայկական Բաժանմունքի պատմութեան ու գործունէութեան, արտասովոր վայրի մը՝ Հիմնարկութեան ճաշարանին մէջ, իսկ երկրորդը նուիրուած էր սաղիմահայութեան եւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանին։ Այս ցուցահանդէսները կազմակերպելու պատճառները շատ տարբեր էին, բայց երկուքն ալ եզակի իրադարձութիւններ էին բաժանմունքին, բովանդակ Հիմնարկութեան եւ ընդհանուր առմամբ այցելու հանրութեան համար։

Տեղին է ներկայացնել «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ցուցահանդէսին պատրաստութեան քուլիսներու ետին աշխատանքները, որ ի յայտ կը բերեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանի փորձագէտներու կողմէ ցուցադրութեան տեղադրումի գործընթացը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին եզակի եւ արժէքաւոր իրեր. անոնց ճամբորդութիւնը Սուրբ քաղաքէն մինչեւ Լիզպոն թէեւ հետաքրքրական, բայց միաժամանակ մտահոգիչ էր, յաճախ լի անկանխատեսելի մարտահրաւէրներով:

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տաճարէն բերուած 1756 թուականի ձեռակերտ ասեղնագործ խորանի վարագոյրը մանրակրկիտ ուսումնասիրուեցաւ Հիմնարկութեան մասնագէտին կողմէ՝ կարգավիճակի զեկոյցի մը համար, այնուհետեւ վարագոյրը ամենայն զգուշութեամբ ամրացուեցաւ պաշտպանիչ ապակիին ետեւը։ Յատկապէս դժուար էր հաւկթաձեւ կախազարդերը ամրացնելը՝ հաշուի առնելով անոնց փխրուն եւ կոր բնոյթը. պէտք էր անոնց կայունութիւնը ապահովել: Այցելուները կրցան տեսնել 18-րդ դարու Կուտինա շինուած հաւկթաձեւ եկեղեցական զարդը Պալեան ընտանիքի հաւաքածոյէն, մինչ կը հնչէին հայկական հոգեւոր երաժշտութեան նմուշներ՝ ստեղծելով խորհրդաւոր մթնոլորտ մը։ Ցուցադրուած էին գիրքեր եւ արխիւային փաստաթուղթեր, ներառեալ՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի անձնական օրագիրին բնօրինակը, ուր պատկերուած է անոր այցը Պաղեստին։ Ցուցահանդէսի տարածքը սահմանող պատերուն կ՛ամրացուէին բացատրագիրները, որոնց ուշադիր կը հետեւէր ցուցահանդէսի ձեւաւորողը. անոր կեդրոնացած աշխատանքին եւ խստապահանջ մօտեցումին շնորհիւ ամեն ինչ կը վերահսկուէր ճշգրտութեամբ, անհամար լուծումներ գտնելով անսպասելի խնդիրներու:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանի կառուցումին վերաբերող նորայայտ արխիւներ, ներառեալ գրադարանին ճարտարապետական յատակագիծերը, Կիւլպէնկեանի եւ օրուան պատրիարքին նամակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անձնական գրադարանէն Երուսաղէմի մասին գիրքեր:

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը նաեւ կը տրամադրէւ կարճ տեսանիւթ մը, որ կը ներկայացնէ առաջին եւ ամենահին սփիւռքեան այս համայնքին պատմութեան ու ներկային նուիրուած ցուցահանդէսը. համայնք մը որ կը գոյատեւէ հազարամեակէ մը աւելի, ի հեճուկս մեծ փոփոխութիւններու, ցնցումներու եւ պատերազմներու։

2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկան Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանի կառուցումին վերաբերող արխիւներ. անոնք մեկնակէտը եղան ներկայ ցուցահանդէսին, որ կ՚անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ Քաղաքին հետ անձնական կապին։

Ներկայացուած նիւթերուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծուի առաջին եւ ամենահին սփիւռքեան համայնքին պատմութիւնն ու ներկան. համայնք մը որ կը գոյատեւէ հազարամեակէ մը աւելի, ի հեճուկս մեծ փոփոխութիւններու, ցնցումներու եւ պատերազմներու։ Մինչ օրս, Հայոց Թաղը, ըլլալով Երուսաղէմի հին քաղաքին չորս թաղամասերէն մէկը, կը պարունակէ խիստ արժէքաւոր կրօնական եւ մշակութային կալուածներ։ Պատրիարքարանը խնամակալն է նաեւ աշխարհի Քրիստոնեայ ամենասուրբ վայրերէն մի քանիին։

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նորայայտ արխիւային նիւթեր, ներառեալ Գրադարանին ճարտարապետական յատակագիծերը, Կիւլպէնկեանի եւ օրուան պատրիարքին նամակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ եկեղեցական արժէքաւոր նմուշներ եւ Երուսաղէմէն բերուած խեցեգործական կտորներ։ Ցուցահանդէսը ամփոփ ներկայացում մըն է Սուրբ Քաղաքին մէջ սաղիմահայութեան պատմութեան եւ մշակութային կեանքին։

Հայոց թաղի դարաւոր պատմութիւնն ու հարուստ ժառանգութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ աշխարհին վրայ. Գալուստ Կիւլպէնկեանն ալ ունեցած է ամուր կապ մը Սուրբ Քաղաքին հետ եւ ձեռնարկած է նշանակալի բարեսիրական ծրագիրներ, ուղղուած Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ անոր զարգացումին. Կիւլպէնկեան գրադարանի կառուցումը վառ արտայայտութիւնն է իր այդ կապին եւ նուիրումին։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը հետեւաբար կը շարունակէ իր հիմնադիրին աւանդը՝ աջակցելով Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանին եւ պատրիարքութեան: Նշենք, թէ այս ցուցահանդէսը բացուեցաւ Յունիս 20, 2024-ին, Լիզպոնի հիմնարկութեան կեդրոնին մէջ եւ տեւեց մինչեւ Սեպտեմբեր 22։