image

Հալէպ . Միասնութիւնը Ուժ Է

Հալէպ . Միասնութիւնը Ուժ  Է

 «Զիլ Խօսք»էն կը կարդանք.

«Դրական լուրեր կը հասնին Հալէպէն: Սուրիոյ  հայոց  մայրաքաղաքին մէջ հայութիւնը, իր տարբեր  խաւերով եւ երանգներով բոլորուած է  մէկ գաղափարի շուրջ եւ միասնական  թեկնածուով պիտի մասնակցի  յառաջիկայ  ապրիլին կայացուելիք ընտրութիւններուն: Գաղութը, որ անցնող     5   տարիներուն ծանր  հարուածներ  կրեց,   յաջողեցաւ  ոտքի մնալ: Եւ այսօր կը  հաւաքէ իր ուժերը   ներկայանալու երկրին մէջ քաղաքական կարեւոր իմաստ ունեցող   ընտրութիւններուն:  Շատեր  պիտի առարկեն, որ  Հալէպի վրայ  յոյս դնելը անիմաստ է: Շատեր    անհիմն վերագրումներ եւ  մերթ փաստացի տուեալներ  սեղանին դնելով պիտի  ըսեն, որ Հալէպի հայկական  գաղութը «վերջացած» է ու  արդէն կնքած իր մահկանացուն:  Սակայն  գետնի վրայ  այդպէս չէ: Պարզ անոր համար, որ եթէ նոյնիսկ  մէկ հայ մնայ Հալէպի մէջ,   այն պիտի   բարձր պահէ    հայութեան  ձայնը:

Տարբեր առիթներով գրած ենք  Հալէպի մասին, անոր պատմական  դերին, անոր դիրքին, հոն   գոյացած     աւանդներուն եւ     պատմական   հարստութեան մասին:   Այդ  գաղութի հարստութիւնը  միայն  դրամական     տուեալներով չի չափուիր, միայն շէնքերով, միայն   գեղեցիկ  բնակարաններով ու հոյակերտ  եկեղեցիներով ու     փայլուն դպրոցներով չի չափուիր: Այլ  կը չափուի  անոր բնակիչներուն նուիրումի  աստիճանով: Մարդայնութեամբ եւ հայկականութեա՛մբ:  Այս բառերը   միայն  գովասանական   ելակէտ ունեցող    տողեր չեն, որովհետեւ անոնք    մարմին կը հագնին  յենուելով ճշմարտութեան վրայ:  Այսօր այդ ճշմարտութիւնը        օրինակ    կը դառնայ  բոլոր հայերուն:   Եւ այս դժուարին  ատեններուն, ուր ամէնէն շատ մենք   կարիքն ունինք միասնութեան  մը շուրջ  բոլորուելու,   նորէն Հալէպն է,  որ բարձր կը պահէ այդ դրօշը: Քանի- քանի անգամներ  մեզ  խարազանած է  միասնութեան պակասը: Քանի անգամներ   մենք վնասներ կրած ենք, միասնութեան գաղափարի մը  շուրջ   չբոլորուելու հետեւանքով եւ  քանի- քանի անգամներ   տուժած ենք  ազգովին, երբ   թշնամին զարկած է  մեր դուռը,  ու մենք    տարակուսանքներով եւ կասկածներով  զբաղած կ'ըլլանք  հրեշտակներու սեռը ճշդելով:

Կարեւոր հարցադրում է նաեւ, թէ արդեօք  Հալէպի մէջ խմորուած   միասնութեան  գաղափարը  վարակիչ  պիտի ըլլա՞յ  սփիւռքի  տարբեր գաղութներուն համար: Գաղութներ, ուր կան  շահեր, ուր կան  տարբեր մօտեցումներ եւ ուր կը տիրէ    եսական     հաշիւներու ալքիմիան:

Այս հարցումը բարձրաձայն պէտք է տրուի   բոլորին կողմէ, մանաւանդ, որ   Հալէպի   մէջ  գոյացած հաւաքական   կամքի   արտայայտութիւնը   իրական օրինակ  է ոչ միայն սոսկական ընտրութիւններուն առթիւ, այլ      կարեւոր  հիմունք՝ մեր   ապագայի բոլոր ընելիքներուն համար:

Ո՞վ  կերտեց Հալէպի միասնութեան ոգին  եւ որո՞նք էին  անոնք,  որ յաջողեցան  հաւաքուիլ    միասնութեան  խարոյկին շուրջ:

Պատասխանը  ոչ  այնքան կարեւոր է, ինչքան արարքը  եւ վստահ ենք, որ խաւարի   մէջ  հայութեան  սիրտը  պահող  անանուն հերոսները արժանի պիտի  ըլլան  փառաց պսակին: