image

Հալէպ. Մահացած է բնիկ Ուրֆացի ՝Աբրահամ Թիւթիւնճեանը

Հալէպ.  Մահացած է   բնիկ Ուրֆացի ՝Աբրահամ  Թիւթիւնճեանը

Հալէպի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է  բնիկ Ուրֆացի ՝ Աբրահամ  Թիւթիւնճեանը։

 

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի հարազատներէն։

 Երկար  տարիներ Հալէպի  ՀՄԸՄ-ի  ֆութպոլի  աստղերէն  համարուող    Թիւթինճեան    ծնած էր    1955 թուականին։

 

  Շրջապատին կողմէ  սիրուած  եւ յարգուած   անձնաւորութիւնը       կազմած  էր ընտանեկան բոյն եւ հայր էր  երկու  զաւակներու։

 Երկար  ժամանակ  ան զբաղած է լուսանկարչութեամբ,  ինչպէս նաեւ    որպէս  թմբկահար-երաժիշտ   մաս կազմած է  Հալէպի  մէջ  գործող  տասնեակ  խումբերու։

 

 Մեր ունեցած  տուեալներով  ան  առողջական  խնդիրներ չունէր եւ մահացած է   ուղեղային կաթուածի  հետեւանքով։