Այսօր Հալէպ քաղաքի ազատագրման երկրորդ տարեդարձն է։ Քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ հալէպցիք մեծ ոգեւորութեամբ կը նշեն երկու տարի առած ահաբեկիչ զինեալներէ ազատագրումը։
Յիշեցնենք, որ երկու տարի առաջ այս օրերուն «Ալ Նուսրա» խմբաւորման, ինչպէս նաեւ իսլամիստ այլ խմբաւորումներ պարտութեան կը մատնուէին եւ Սուրիոյ բանակը կը յաջողէր իր տիրապետութեան տակ առնել Հալէպ քաղաքի կարեւորագոյն հատուածները։
Հալէպահայութիւնը, որ նոյնպէս կ՚անցնէր պատերազմական դժուարին պահերէ շնորհիւ իր կամքին եւ հաւաքական ճիգերուն կը յաջողէր այդ փուլէն դուրս գալ եւ վերապրիլ աւելի լաւ, խաղաղ եւ ապահով վաղուան մը յոյսով։
Նշենք, որ այսօր Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան տօնական նախաձեռնութիւններ եւ հնչեն ելոյթներ։ Խօսողներուն մեծ մասը բնականաբար պիտի անդրադառնայ Հալէպի վերականգնումի եւ վերակառուցման կարեւորութեան։