Թուրք քաղաքական գործիչները չեն կրնար ուշքի գալ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումէն ետք: Ջղացնցման մասշտապները հասած են անոր, որ թուրք քաղաքական գործիչներէն մէկը առաջարկած է երեխաները անուանել Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործած յանցագործներու պատուոյն:
Ան այդ առաջարկը արժանի «պատասխան» անուանած է: Ընդ որում, անոր չի յուզեր այն, որ թուրք երեխաները (նոյնիսկ աղջիկները) պիտի կրեն մարդոց անուններ, որոնք համաշխարհային պատմութեան մէջ «յայտնի են» որպէս առաջին ցեղասպանութեան կազմակերպիչներ եւ ռազմական յանցագործներ:
Ազգայնական «Լաւ կուսակցութեան» ներկայացուցիչ Տաւուզ Աղըրալիօղլուն առաջարկած է Թուրքիոյ մէջ երեխաները անուանել Էնուէր, Ժեմալ եւ Թալէաթ փաշաներու պատուոյն:
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Պոլսոյ մէջ ռազմական յանցագործութիւններու դատարանը Էնուէր եւ Թալէաթ փաշաները մեղաւոր ճանչցած է հայերու զանգուածային սպանութիւնը կազմակերպելու համար:
«Մենք այդ որոշման կը պատասխանենք մեր երեխաները Էնուէր, Ժեմալ եւ Թալէաթ անուանելով»,- ըսած է Աղըրալիօղլուն՝ աւեցլելով, որ եթէ այդ «անպատեհութիւնը շարունակուի, ապա բոլորը պէտք է գիտնան, որ իրենց երեխաները, ներառեալ աղջիկները, պիտի անուանեն Թալէաթի պատուոյն»:
Նշենք, որ Թալէաթ իր յուշագրութիւններուն մէջ խոստովանած էր, որ հրամայած է սպանել հայերը՝ «ի շահ թուրք ժողովուրդի»: