image

Հակակառավարական շրջանակներ մաղձ կը թափեն հալէպահայութեան դէմ

Հակակառավարական  շրջանակներ մաղձ կը թափեն  հալէպահայութեան դէմ

Կասկածելի  մօտեցումներով  գրուած  կարճ լրատուութեան մը մէջ «Ալ Քուտս»  կայքը   գրած է, թէ Հալէպ բնակող սուրիահայերը   տօնախմբութիւններ  կը կատարեն`  ի տես  ընդդիմադիր  շրջանակներու տիրապետութեան տակ եղող շրջաններու  պաշարման:  Աղբիւրը նաեւ  կը յայտնէ,  որ   Սուրիոյ պետական կայաններու   կողմէ  պատրաստուած  րէբորթաժներուն մէջ հալէպահայեր   ուրախութեամբ եւ տօնական  մթնոլորտով մը ընդունած են   ընդդիմադիր շրջաններու պաշարման  լուրը:  Իր կարգին   Սուրիոյ տագնապին  առընթեր իր  ծայրայեղ կեցուածքներով յայտնի «Ալ Ճազիրա» կայանի լրագրող Հարէս  Ապտըլ Հաք, իր Ֆէյսպուքեան էջով  պահանջած է   ետ վերցնել  hալէպահայերու սուրիական  հպատակութիւնը: Լրագրողը նաեւ  ըսած է, որ այդ  մէկը  պէտք է կատարուի   Սուրիոյ իշխանութիւններուն պարտութիւնէն ետք:    Լուրը մեկնաբանութեան կարիք չունի, ու առաջին անգամը չէ, որ իրենց ծայրայեղական կեցուածքներով  յայտնի   կողմեր նման  հատուածական   շահարկումի   թեմա կը դարձնեն  հալէպահայութեան կեցուածքները:  Հակառակ անոր, որ սուրիահայութիւնն ու  մասնաւորապէս հալէպահայութիւնը միշտ զգուշաւոր եղած են դժուարին պայմաններէ անցնող Հալէպի զարգացումներուն  դիմաց, երեւելի է, որ  մութ ուժեր  կը փորձեն ջուր լեցնել հակահայ , բայց եւ այնպէս «դանաեան տակառ»ի  տեսակ եղող հակահայկան մոլուցքին:  Աւարտին հարկ կը   համարենք նշել, որ    «Ալ Քուտս» կայքի սոյն  լուրը խմբագրուած է կայքի «Կազի այնթէպ» շրջանի  լրագրողին  կողմէ: Ու այս պարագային է, որ պէտք է  ըսել, թէ բոլոր մեկնաբանութիւնները աւելորդ են, որովհետեւ յայտնի են  այս «նամակ»ին իրական հեղինակները: