Կէս միլիոն լեհ կիրակի Վարշաւայի մէջ բողոքի ցոյց կատարած է ազգայնական-փոփուլիստական կառավարութեան դէմ, ըսած են կազմակերպիչները՝ 1989 թուականին համայնավարութեան տապալումէն ետք երկրի ամենամեծ ցոյցերէն մէկուն: Այս մասին գրած է Le Monde-ը։
Լեհաստանի նախկին նախագահ, Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Լեչ Վալեսան միացած է ընդդիմադիր գործիչներուն աշնան կայանալիք օրէնսդրական ընտրութիւններէն առաջ։
Մարդիկ ճանապարհ ինկած են ամբողջ երկրով այն բանէն ետք, երբ նախկին վարչապետ, կեդրոնամէտ ընդդիմադիր «Քաղաքացիական հարթակ» կուսակցութեան ղեկավար Տոնալտ Թուսքը կոչ ըրած էր բողոքի ցոյց կայացնել «կեանքի թանկութեան, խարդախութեան ու ստախօսութեան դէմ ու յանուն ժողովրդավարութեան, ազատ ընտրութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան»:
Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու մեծ մասի առաջնորդները խրախուսած են իրենց կողմնակիցները միանալու Եարոսլաւ Քաչինսքիի գլխաւորած «Իրաւունք եւ արդարութիւն» ազգայնական կուսակցութեան (PiS) դէմ երթին։
«Քաղաքապետարանը կը գնահատէ (ցուցարարներու թիւը) այժմ 500,000»,- Agence France-Presse-ին ըսած է կազմակերպիչներու խօսնակ Եան Կրապիեքը՝ երթի ընթացքին անդրադառնալով մասնակիցներու թիւին։
Պետական դրօշի կարմիր ու սպիտակ գոյներով զարդարուած ցուցարարները կը կրէին «Բաւական բաւական է», «Ոչ մենատիրական Լեհաստանին» ցուցապաստառներ ու կը մեղադրէին իշխող կուսակցութիւնը չափազանց բարձր գիներու համար: