image

Ղարաբաղը միշտ ալ պատկանած է ու կը պատկանի Հայաստանին. Իրանի խորհրդարանի բարձրաստիճան պաշտօնեայ

Ղարաբաղը միշտ ալ պատկանած է ու կը պատկանի Հայաստանին. Իրանի խորհրդարանի բարձրաստիճան պաշտօնեայ

Իրանը կ'ուզէ՝ երկխօսութեան շրջածիրէն ներս լուծուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խնդիրները: Այս մասին ըսած է Իրանի Իսլամական խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ Շահրիար-Հէյտարին, գրած է ParsToday-ը։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով Երիտասարդ լրագրողներու ակումբին տուած հարցազրոյցին Շահրիար Հէյտարին ըսած է. «Ներկայիս Ղարաբաղը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վիճելի տարածք է։ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը օգտագործելով արտատարածաշրջանային երկիրներու եւ Սիոնիստական ռեժիմի կարողութիւնները՝ ձեռք բերած է ռազմական գերակայութիւն Հայաստանի նկատմամբ, սակայն այդ անոր թոյլ չի տար գրաւել ինչ ուզէ»։

«Ղարաբաղը աւանդաբար կը պատկանի Հայաստանին, մարդոց փախուստը դէպի Հայաստան պայմանաւորուած է ատրպէյճանական բանակի գնդակոծութեամբ եւ յարձակմամբ, եւ այդ չի նշանակեր, որ հայերը Ղարաբաղի մէջ կորսնցուցած են իրենց էութիւնն ու ինքնութիւնը, քանի որ աւանդաբար Ղարաբաղը միշտ ալ պատկանած է ու կը պատկանի Հայաստանին»։

Հէյտարին աւելցուցած է․«Այսօր Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը նեղ դրութեան մէջ դրած է Ղարաբաղը, եւ Ղարաբաղը շրջափակման մէջ է չորս կողմէ»։