image

Ղարաբաղի շուրջ պայմանաւորուածութիւնները դրական հունով կ՚ընթանան

Ղարաբաղի շուրջ պայմանաւորուածութիւնները   դրական հունով  կ՚ընթանան

Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման կապակցութեամբ ՌԴ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման շուրջ պայմանաւորուածութիւնները յաջողութեամբ կ'իրականացուին։ Ան անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի պատերազմը դադրեցնելու գործով Ռուսաստանի եւ այդ երկրի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի ջանքերուն։

 

 

«Խօսելով անցեալ տարուայ մասին՝ մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր ջանքերուն եւ առաջին հերթին՝ մեր նախագահի ջանքերուն մասին Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման շուրջ պայմանաւորուածութիւններու հասնելու հարցով: Անոնք հիմա յաջողութեամբ կ'իրականացուին մեր եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներգրաւմամբ, ինչպէս նաեւ մեր տնտեսական պլոկի մասնակցութեամբ, որ կ'ապահովէ  այդ տարածաշրջանին մէջ բոլոր հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման շուրջ բանակցութիւնները»,- կրթական մարաթոնի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ ըսած է ՌԴ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը