image

Ղարաբաղի հակամարտութիւն. Վտանգներ, որ կ՚երկարին Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս. Al Quds Al Arabi

Ղարաբաղի հակամարտութիւն. Վտանգներ, որ կ՚երկարին Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս. Al Quds Al Arabi

«Ալ Քուտս Ալ Արապ»ին կը գրէ.

Ղարաբաղի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը, ցոյց կու տայ, որ ի տարբերութիւն նախորդ հակամարտութիւններուն՝ 1991-էն սկսեալ, այս անգամ երկու կողմերը կը գործածեն թանկեր, ուղղաթիռներ, ծանր հրետանի եւ հետեւակ զօրքեր:

Յստակ է, որ այդ լարուածութիւնը այլեւս միայն սահմանային բախումներ չեն Ատրպէյճանի եւ անջատուած շրջանին (Ղարաբաղ)՝ միջեւ, որուն կ'օժանդակէ Հայաստանը։ Աւելին, այդ բախումները կը սպառնան աւելի լայնածաւալ ռազմական առճակատումի, ուր Թուրքիան եւ Ռուսաստանը ուղղակիօրէն կրնան բախում ունենալ՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային տէրութիւններու առկայութեամբ, որոնք անուղղակիօրէն կ'աջակցին այս կամ այն կողմին:

Թերեւս այս հակամարտութեան հետ կապուած միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն դիմելը առաջին քայլն է, որ կրնայ տանիլ դէպի լուրջ եւ դիպուկ բանակցութիւններու՝ աւելի քան մէկ դար յետոյ, լուծում գտնելու համար սահմանային եւ ժողովրդագրական համապարփակ վէճերուն, որոնք սկիզբ առած էին Խորհրդային Միութեան ժամանակ, երբ Ժոզէֆ Ստալինի որոշումներով Ղարաբաղը՝ որ ճնշող մեծամասնութեամբ հայաբնակ էր, միացուեցաւ Ատրպէյճանին, եւ ատոր փոխարէն մեծ թիւով ազերիներ բնակեցուց Հայաստանի սիրտին մէջ:

Բանակցային նման ուղիի մը մեկնարկին ելակէտը միջազգային հանրութեան, ընդ որում Հայաստանի, այդ անջատ շրջանի միջազգայնօրէն չճանչցուած ըլլալուն հանգամանքն է: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ ինքնակառավարման համակարգերու համախմբումը, յատկապէս Լաչինի միջանցքի ասֆալթապատումէն ետք, որ այդ տարածաշրջանը կը կապէ Հայաստանին: Կայ նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութան Խորհուրդի 1993-ի թիւ 822 բանաձեւը, որ կոչ կ'ուղղէ հայկական ուժերուն դուրս գալու այդ տարածաշրջանէն, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի ՄԻՆՍԿ-ի խմբաւորումը, որ կը բաղկանայ Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Ֆրանսայէն, որ լիազօրուած է միջնորդ հանդիսանալու հակամարտութիւններու կարգաւորումի գործընթացին:

Այս խնդրին խաղաղ եւ արագ կարգաւորման գործընթացին մէջ կրնայ մեծ դեր ունենալ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգները, քանի որ Հայաստանը Ամերիկայէն հսկայ քանակութեամբ օժանդակութիւն կը ստանայ: Ըստ այդմ, Հայաստանը բռնակալ Իսրայէլէն ետք առաջին երկիրն է, որ Ամերիկայէն այդ քանակութեամբ օժանդակութիւն կը ստանայ: Սակայն, այս հակամարտութեան պատմութեան տուեալները ամերիկեան լռութեան եւ մասամբ «չէզոքութեան» մասին կը վկայեն, հակառակ անոր որ վերջին ժամանակներուն ամերիկեան մէկէ աւելի հարթակներէն (գոնկրես եւ սենատ) Հայաստանի ի նպաստ կարգ մը օրինագիծներ ընդունուած էին եւ անշուշտ այդ մէկը կապ ունէր Ամերիկայի մէջ մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերող «հայկական լոպիի» գործօնով։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի քաղաքական ամբողջական ներգրաւուածութեան բացակայութիւնը Կովկասի նկատմամբ, այլ գործօն մըն է, որ կը նպաստէ Խորհրդային Միութենէն դուրս եկած բազմաթիւ երկիրներու անկայուն վիճակին, որուն մասին ալ կը վկայեն Ուքրանիան, Խրիմը, Վրաստանը, Աբխազիան, Չեչնիան եւ Օսեդիան, որոնք մնայուն կերպով անկայուն վիճակի մէջ են: Սակայն, Ռուսաստանի դերը կրնայ որոշիչ ըլլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու գործին մէջ, խաղաղ լուծումի մը հասնելու եւ տարածաշրջանային ու բոլոր՝ հին կամ նոր սահմանային վէճերու մասին բաց բանակցութիւններ սկսելու համար:

Գաղտնիք չէ նաեւ, որ Թուրքիան հսկայական ազդեցութիւն ունի յատկապէս ատրպէյճանական կողմին վրայ՝ բանակացութիւններուն նպաստելու գործին մէջ, հաշուի առնելով մէկ կողմէ Անգարայի եւ Պաքուի պատմական, մշակութային, տնտեսական եւ ներդրումային յարաբերութիւնները, միւս կողմէ, քանի որ Թուրքիան ներկայիս այս հակամարտութեան ռազմական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանին, որմով ալ անոր դիրքերը կրնան աւելի ու աւելի սրուիլ, եթէ Ռուսաստանը կամ տարածաշրջանային այլ տէրութիւններ Երեւանի միջոցով զարգացնեն իրենց ռազմական աջակցութիւնը հայ անջատողականներուն (ղարաբաղցիներուն):

Ի վերջոյ, ականատես կը դառնանք արիւնալի առճակատումներու, որոնք կը սպառնան աւելի շատ զոհեր գրանցելուեւ էթնիկական տեղահանութեան ալիքներու յառաջացման։ Ներկայիս, սակայն, նոյնքան վտանգաւոր է այս հակամարտութիւնը ներկայացնել որպէս իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ կրօնական հակամարտութիւն, որուն այսօրուան աշխարհը երբեւէ կարիք չունի: