image

Ղարաբաղի գաղթականներու մէկ երրորդը՝ երեխաներ են.Եունիսէֆ

Ղարաբաղի գաղթականներու մէկ երրորդը՝ երեխաներ են.Եունիսէֆ

Աւելի քան 88,000 մարդ Լեռնային Ղարաբաղէն մուտք գործած է Հայաստան, եւ ընդհանուր թիւը կրնայ հասնիլ 120,000-ի, ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի ճեպազրոյցին ըսած է ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քավիթա Պելանին։ Անոր խօսքով՝ յոգնած ու վախցած մարդոց հսկայական ամբոխներ կը հաւաքուին գրանցման կեդրոններուն մէջ, հաղորդած է Reuters-ը։

«Անոնք ինն ամիս շրջափակման մէջ ապրած են», -ըսած է ան: «Անոնք անհանգիստ են, վախցած եւ պատասխաններ կ'ուզեն»: «Մենք պատրաստ ենք ընդունելու մինչեւ 120 հազար մարդ։ Դժուար է կանխատեսել, թէ քանի հոգի կը ժամանեն այս փուլին»,- աւելցուցած է ան՝ պատասխանելով փախստականներու թիւի մասին հարցին: Նախնական գնահատականները հիմնուած էին 70,000-էն 90,000 փախստականներու վրայ, բայց այդ տուելաները պէտք է թարմացուին, աւելցուցած է ան:

Փախստականներու գրեթէ մէկ երրորդը երեխաներ են, ճեպազրոյցին ըսած է ՄԱԿ-ի մէկ այլ պաշտօնեայ։ «Մեզի ամենաշատը կ'անհանգստացնէ այն, որ անոնցմէ շատերը բաժնուած են իրենց ընտանիքներէն», -ըսած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի տարածաշրջանային տնօրէն Ռեժինա Տէ Տոմինիսիսը:

Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի միջազգային ֆետերացիայի խօսնակ Հիշամ Տիապն ըսած է, որ փախստականներու հոգեկան առողջութեանն աջակցելու հսկայական կարիք կայ: «Իրավիճակը յաճախ կը ներառէ ընտանիքներ, որոնք կու գան երեխաներով, որոնք այնքան թուլացած են, որ կ'ուշաթափուին իրենց ծնողներու գիրկին մէջ», -ըսած է ան: