Գերմանիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեան, որ օրերս Երեւան կը գտնուէր քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպանին։
Այս մասին կը կարդանք Գերմանիոյ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Թեմակալ Առաջնորդ Սերովբէ Սրբազան Հայրը Երեւանի մէջ այցելեց Հայաստանի մէջ Դաշնային Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Վիկտոր Ռիխտէրին։ Սրբազան Հօր այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ դեսպանին հետ եւ զինք անձնապէս շնորհաւորել նշանակման առիթով։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը դեսպան Ռիխտէրին տեղեկութիւններ փոխանցեց Գերմանահայոց թեմի, անոր պատմութեան, ներկային եւ լայնածաւալ գործունէութեան մասին։ Զրուցակիցները շեշտեցին գերմանացի եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութեան նշանակութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ այն աւելի կը զարգանայ յառաջիկայ տարիներուն։