Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը պատերազմի սկիզբէն ի վեր հերթական՝ ութերորդ այցը կատարած է Քիեւ, յայտնած է rus.err.ee կայքը։
«Արդէն շուրջ հազար օր է՝ պութինեան պատերազմը կը խաթարէ ուքրանացիներու առօրեան, բայց ոչ անոնց քաջութիւնն ու ապահով կեանքի յոյսը՝ ազատ Ուքրանիոյ մէջ», - Ուքրանիոյ մայրաքաղաք ժամանելուն պէս յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Վերջին անգամ Պերպոքն Ուկրաինա այցելած էր մայիսին: Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկայի հետ։