image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ Իրան Ռուսիոյ Պալիսթեան հրթիռներ տուած է այդ շատ վատ պիտի ըլլայ. Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Եթէ Իրան Ռուսիոյ  Պալիսթեան հրթիռներ տուած է այդ շատ վատ պիտի ըլլայ. Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Ուքրանիա դիմած է Իրանին՝ լրատուամիջոցներով շրջանառուող այն լուրերու ֆոնին, որ Թեհրան, հնարաւոր է, Մոսկուային պալիսթեան հրթիռներ փոխանցած է: Քիեւ զգուշացուցած է Թեհրանը երկկողմանի յարաբերութիւններու համար «կործանարար հետեւանքներ»ու մասին։ Այս մասին ըսուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Երկրի ԱԳՆ-ն նշած է, որ անհանգստացած է Իրանի կողմէ պալիսթեան հրթիռներու Ռուսիա հնարաւոր տեղափոխման մասին միջազգային լրատուամիջոցներու յայտնած տեղեկութիւններէն։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ղեկավարութեան անգամ մը եւս կոչ կ'ընենք զերծ մնալու Ռուսիոյ ցանկացած տեսակի զէնք եւ ռազմական զինատեսակ փոխանցելէն, որ, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի համաձայն, յարձակող պետութիւն է»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Գերատեսչութիւնը նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան խորացումը լուրջ սպառնալիքներ կը ներկայացնէ ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի համար։

«Կոչ կ'ընենք միջազգային հանրութեան ուժեղացնելու ճնշումը Թեհրանի եւ Մոսկուայի վրայ՝ միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար»,- ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Ուքրանիան կոչ ըրած է Իրանին ամբողջութեամբ դադրեցնելու զէնքի մատակարարումն Ռուսիոյ եւ ապացուցելու «իր քաղաքական ղեկավարութեան՝  ռուսական ռազմական մահուան մեքենայի սնուցման չմասնակցելու մասին յայտարարութիւններու անկեղծութիւնը»։

«Կը նախազգուշացնենք պաշտօնական Թեհրանը, որ եթէ հաստատուի, որ Իրան Պալիսթեան հրթիռներ փոխանցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան, այդ կործանարար հետեւանքներ պիտի ունենայ ուքրանական-իրանական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ»,- ընդգծած է նախարարութիւնը։

Աւելի վաղ CNN եւ Wall Street Journal, վկայակոչելով անյայտ աղբիւրներ, յայտնած են, որ Իրան Ռուսիոյ փոխանցած է փոքր հեռահարութեան պալիսթեան հրթիռներ: The Times, վկայակոչելով ուքրանական հետախուզութիւնը, յայտնած է, որ խօսքը, ըստ ամենայնի, 200 պալիսթեան հրթիռներու մասին է, որոնց հեռահարութիւնը կը հասնի 110 քիլոմեթրի։

Իրան պաշտօնապէս հերքած է այս տեղեկութիւնները: ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի տեւական ներկայացուցչութիւնը նշած է, որ Թեհրան զէնք չի մատակարարեր Ուքրանիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն, քանի որ այդ կը համարէ անմարդկային: