image

Գերման փորձագէտ. «Զարմացած եմ ԱՄՆ-ի Հարաւային Կովկասեան աշխուժութիւնէն»

Գերման փորձագէտ. «Զարմացած եմ ԱՄՆ-ի Հարաւային Կովկասեան աշխուժութիւնէն»

Երբ ես լսեմ յայտարարութիւն այն մասին, որ Երեւանն ու Պաքուն մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, որու մասին յայտարարած է Պլինքենը,  Հայաստանի վարչապետը կամ Ատրպէյճանի նախագահը, կամ երբ ըլլայ համատեղ յայտարարութիւն, ապա այդ ժամանակ հեշտ կ'ըլլայ հաւատալ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է գերմանացի քաղաքագէտ Ալեքսանտր Ռարը։

Ան այդ անուանած է ամերիկեան ինքնագովազդ: Ամէն պարագայի, ինչպէս նկատած է փորձագէտը, խաղաղութիւնը միշտ աւելի լաւ է, քան պատերազմը, սակայն խաղաղութեան պայմանագիրը, որ մի քանի ամիս կ'առաջարկուի մերթ մէկ բանակցային սեղանի շուրջ, մերթ՝ միւս, չստորագրուիր: «Այո, եթէ այդ պայմանագիրը ստորագրուի Միացեալ Նահանգներու ջանքերով, յետոյ վաւերացուի, ապա Ուաշինկթընը կ'ըսէ, որ յաջող դիւանագիտութիւն ունի Կովկասի մէջ։ Միացեալ Նահանգներու այդ նոյնպէս շատ պէտք է, քանի որ կը ձգտի թուլացնել այնտեղ Ռուսիոյ դիրքերը՝ զօրացնելով իր ազդեցութիւնը յետխորհրդային տարածքին մէջ։

Ամերիկացիները վերջին 30 տարիներու ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով իրավիճակի վրայ ազդելու շատ հնարաւորութիւններ ունէին, բայց անոնք քիչ բան ըրին։ Զիս կը զարմացնէ, որ այժմ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը այնտեղ այդքան լրջօրէն աշխուժացած է։ Միւս կողմէն, այդ դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ, եթէ կողմերուն չխանգարէ համաձայնութեան գալ»,-նշած է Ռարը։

Ինչ կը վերաբերի այն յայտարարութեան, թէ առանցքային հարցերու շուրջ կողմերը չեն կրցած առաջընթաց գրանցել, ապա խօսքը, ըստ անոր, կրնայ ըլլալ Լաչինի միջանցքի, օտարերկրեայ ներկայութեան կամ ներկայութիւն չըլլալու հետ կապուած առաջարկներուն: «Կը կարծեմ՝ ատոր շուրջ ամենաբարդ բանակցութիւնները կ'ընթանան»,-եզրափակած է փորձագէտը: