image

Գերիներու ազատումը նախապայման է ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար. Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի ղեկավար

Գերիներու ազատումը նախապայման է ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար. Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի ղեկավար

Գերիներու ազատումը նախապայման է ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, սա յստակ է մեզի համար։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս յայտարարած է Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Քլոտ Ուիզլըրը Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

«Մէկ տարուան ընթացքին սա իմ երկրորդ այցն է Հայաստան, որ աննախադէպ բան է։ Առաջին անգամ ես այստեղ էի որպէս Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամ, բայց այն պահէն, երբ ես դարձայ պալատի նախագահ, ես ըսի՝ պէտք է վերադառնամ։ Ինծի ատոր դրդեցին վերջին ամիսներու ընթացքին այս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Սա ցոյց կու տայ ՀՀ-ի եւ Լիւքսեմպուրկի յարաբերութիւններու զարգացումը։ Ունինք շատ աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն։ Մենք այս ընթացքին կը պատրաստուինք հանդիպիլ ՀՀ նախագահին ու վարչապետին»,-ըսած է ան։

Քլոտ Ուիզլըր յայտարարած է, որ Հայաստանը Լիւքսեմպուրկի ամբողջական աջակցութիւնն ունի, իր ժողովրդավարութեան անցման ճանապարհին։ Ան ողջունած է նաեւ Հռոմի «ստատուտ»ի վաւերացումը ՀՀ-ի կողմէ։

«Մենք Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին մէջ յաճախ կը խօսինք Հայաստանի, այստեղ տիրող իրավիճակի մասին, բայց կայ մէկ առանձնայատկութիւն՝ բոլոր միջնորդութիւններն ու բանաձեւերը, որոնք մենք ընդունած ենք Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի կողմէ, բոլորը միաձայն ընդունուած են։ Սա կը նշանակէ, որ ձախակողմեան եւ աջակողմեան կողմերը՝ բոլոր խմբակցութիւններն ու կուսակցութիւնները միաձայն են Հայաստանի հետ կապուած հարցերուն մէջ։ 2015 թուականին, երբ մենք քուէարկեցինք այն բանաձեւի օգտին, որ կը ճանչնար 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցոյց տուաւ, որ այս հարցով ալ միաձայն ենք, 2020 թուականին միջնորդութիւններու համար քուէարկեցինք։

Մենք պիտի շարունակենք մեր ներգրաւուածութիւնը Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան համար, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բախման հարցով մենք կ՚աջակցինք խաղաղութեան հաստատման եւ համոզուած ենք՝ գերիներու ազատումը նախապայման է ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, սա շատ յստակ է մեզի համար»,- ընդգծած է Ուիզլըր։