Կառավարութեան շէնքին մօտ այսօր վաղ առաւօտէն հաւաքուած էին 2020 թուականի Դեկտեմբեր 13-ին Արցախի Հանրապետութեան Խծաբերդ գիւղի տարածքին մարտական հերթապահութեան մէջ ընդգրկուած, ապա գերեվարուած տղաներուն հարազատները: Կառավարութեան նիստէն յետոյ անոնք զրուցեցին առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանի հետ, սակայն չփափաքեցան որ լրատուամիջոցները զայն լուսաբանեն:
Աւելի¬ ուշ հաստատուած եւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող գերիներուն հարազատները փորձեցին փակել Տիգրան Մեծ պողոտայ-Հանրապետութեան հրապարակ ճանապարհահատուածը:
Քաղաքացիներէն մէկ տղամարդ ալ քարով հարուածեց Կառավարութեան շէնքի մուտքի դուռը, որմէ յետոյ ոստիկանութեան միաւորները ուժի կիրառմամբ զայն բերման ենթարկեցին: