Գանատայի Գէմպրիճ շրջանի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ հիմնադրման 40-ամեակին առթիւ կարգադրութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին օրերս շքանշաններ բաշխուած են համայնքի նուիրեալ հայորդիներու։
Այս ծիրին մէջ եւ ձեռամբ համայնքի հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ. Քիւսպէկեանին շքնաշնան մը յանձնուած է նուիրեալ հայուհի տիկն. Սիլվա Փոլատեանին։
Ստորեւ «Արեւելք» կը ներկայացնէ այդ առթիւ առաջնորդարանին կողմէ տարածուած լրատւութիւնը։
Կիրակի, 3 Մարտին, եկեղեցւոյս հովիւ՝ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանը յանձնեց Տիկ. Սիլվա Փոլատեանին, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի գնահատանքը փոխանցեց անոր, իր անսակարկ նուիրումին եւ երկարամեայ ծառայութեան համար։
Սոյն շքանշանը կը տրուի, Եկեղեցւոյս քառասնամեակի ծիրէն ներս։