2016-ին Աւրորա մրցանակի եզրափակիչ փուլին հասած փաքիստանցի մարդկային իրաւանց պաշտպան Սեյիտա Ղուլամ Ֆաթիմա յայտարարած է, թէ մտադիր է մեկնիլ Պաքու՝ Ռուբէն Վարդանեանի դատական ունկնդրութիւններուն մասնակցելու համար։
«Դիւրին է հեռուէն դատապարտել անարդարութիւնը, սակայն իսկական փոփոխութիւնը գործողութիւն կը պահանջէ։ Այս պատճառով որոշեցի երթալ Պաքու՝ Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեան ներկայ գտնուելու համար։ Խնդրեմ միացէք ինծի՝ զօրակցութիւն ցուցաբերելով՝ որքան որ կրնաք”,– ըսած է ան։
***
Կեցցէ՛ այս մեծ տիկինը, որ փոխանակ դառնացած ըլլալու որ չէ ընտրուած եզրափակիչ փուլին՝ միակն է որ կը դիմէ այդ քայլին։ Այն ալ Ազերպայճանի թեւ ու թիկունք ժողովուրդի մը ծոցէն գալով։
Տասնամեակէ մը ի վեր միլիոնաւոր տոլարներով վարձատրութիւններով դափնեկիրներ կ՚ընտրէ «Աւրորա»-ն, եւ որքան որ ծանօթ է մեզի՝ այդ դափնեկիրներու ոչ մէկուն կողմէ նման նախաձեռնութեան փորձ եղած է։
Որպէս յիշեցում նշենք, թէ Ռուբէն Վարդանեան «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի համահիմնադիրներէն է։
Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն