Վերջերս, Ֆրանսայի Պանիէօ քաղաքին մէջ շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած լսարանը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը, որ ներկայացուցած է իր նորատիպ հատորը՝ «Արդարները 1915ի հետ դէմ-յանդիման» ֆրանսերէն գիրքը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հայկական աղբիւրներ կը հաղորդեն որ վերջերս, Ֆրանսայի Պանիէօ քաղաքի Փօլ Վայան-Գութիւրիէ սրահին մէջ շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած լսարանը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը, որ կը ներկայացնէր իր նորատիպ հատորը՝ «Արդարները 1915ի հետ դէմ-յանդիման» ֆրանսերէն գիրքը։ Այս հատորը լոյս տեսած է 2024ի Դեկտեմբերին։ Ներկաներուն միջեւ կը գտնուէին Գաշանի ու Պանիէոյի քաղաքապետարանի խորհրդականներ Ռոպէր Օրիւսքօ եւ Լորանս Սալէօն, որոնք համապատասխանաբար Պանիէօ-Վանաձոր քոյր քաղաքներու յանձնաժողովի երկու ներկայացուցիչներ են։
1915ի ողբերգութեան տարելիցի սեմին, ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի Պանիէօյի «Իսահակեան» մասնաճիւղը կարեւոր նկատած էր կազմակերպել այս հանդիպումը՝ բնաբանի մը շուրջ, որ թէեւ ծանօթ է, բայց քիչ մշակուած է հրապարակումներու մէջ, այսքան համապարփակ կերպով։ Այս է որ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան յաջողած է ընել իր գիրքին մէջ, որ կը ներկայացնէ, բազմաթիւ փաստաթուղթերով, երէկուան «Արդարները», բոլոր ազգութիւններէ, ներառեալ թուրքերը, եւ ժամանակակից «Արդարները», հիմնականին մէջ թուրքեր, որոնք կը խօսին իրողութիւններու մասին։
Մօտաւորապէս երկու ժամ Հիլտա Գալֆաեան անդրադարձաւ այդ «Արդարներուն», երբեմն կարդալով հատուածներ անոնց գրութիւններէն կամ յայտարարութիւններէն։