Ֆրանսան գիտէ, թէ որքան կարեւոր է պահպանել խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ. ան վճռականօրէն յանձնառու է ատոր: Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան:
«Ժամաներ եմ Պաքու՝ սկսելու իմ ճանապարհորդութիւնը դէպի Կովկաս՝ Ատրպէյճան, Հայաստան, ապա Վրաստան։ Ֆրանսան գիտի, թէ որքան կարեւոր է պահպանել խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Ան վճռականօրէն յանձնառու է ատոր: Սա այն ուղերձն է, որ ես պիտի փոխանցեմ», - գրած է ֆրանսացի դիւանագէտը:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան ապրիլ 26-28-ը պիտի ըլլայ Ատրպէյճ, Հայաստան եւ Վրաստան։
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը պիտի հանդիպի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Քոլոնան պիտի այցելէ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան՝ Ջերմուկ քաղաքի մէջ գտնուող կեդրոնակայան։
Այցը պիտի վերահաստատէ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն՝ յանուն արդար եւ տեւական խաղաղութեան։