«Ֆրանսան հաստատակամօրէն եւ վճռականութեամբ կ'աջակցի ECOWAS-ի (Արեւմտեան Ափրիկէի պետութիւններու տնտեսական համայնք) ջանքերուն՝ տապալելու այս յեղաշրջման փորձը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ֆրանսայի եւրոպական եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Այս մասին գրած է France24։
Յայտարարութիւնը տարածուած է արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի եւ Նիկերի վարչապետ Ուհումուտու Մահամատուի հանդիպումէն յետոյ, որ տեղի ունեցած է Փարիզ:
ECOWAS կոչ ըրած էր Նիկերի ռազմական յեղաշրջմամբ իշխանութեան եկած նախագահական պահակներուն հեռանալու։
ECOWAS-ի պաշտպանութեան նախարարները մշակած են ռազմական գործողութիւններու ծրագիր, եթէ յեղաշրջման առաջնորդները մինչեւ կիրակի պաշտօնին չվերականգնեն ընտրուած նախագահ Մուհամետ Պազումը, ինչ որ կը մեծցնէ հետագայ հակամարտութեան վտանգը տարածաշրջանին մէջ։
Յեղաշրջման 59-ամեայ առաջնորդ, զօրավար Ապտուրահամանէ Դիանի, որ իր ռազմական պատրաստութեան մէկ մասը ստացած է Ֆրանսա, ըսած է, որ պիտի չնահանջեն:
«Նիկերի ապագան ու ողջ տարածաշրջանի կայունութիւնը վտանգուած են»,- ըսուած է Փարիզի յայտարարութեան մէջ։
Ֆրանսան չէ յստակացուցած, թէ արդեօք ռազմական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Նիկերի մէջ ECOWAS-ի միջամտութեան:
Միջամտութեան ծրագիրին համաձայն՝ որոշումը, թէ երբ ու ուր պէտք է գործողութիւն իրականացնել, կը կայացնեն պետութիւններու ղեկավարները։ Այս մասին ըսած է ECOWAS-ի քաղաքական հարցերու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան յանձնակատար Ապտըլ-Ֆաթաու Մուսահ: Ան չէ նշած միջամտութեան ժամանակացոյցը եւ չէ ըսած, թէ ինչ կը նախատեսէ ծրագիրը: